image

21 Սեպտեմբեր. Անկախ Հայաստանի 35-ամեայ երթը

21 Սեպտեմբեր. Անկախ Հայաստանի 35-ամեայ երթը

21 Սեպտեմբերը հայ ժողովուրդին համար միայն պետական տօն մը չէ։ Ան այն օրն է, երբ հանրաքուէի միջոցով ժողովուրդը իր կամքը արտայայտեց եւ անկախ պետականութիւնը դարձուց իրաւական ու քաղաքական իրականութիւն։

Անկախութիւնը, սակայն, միայն 1991-ի քուէաթերթիկին մէջ դրուած «Այո»-ն չէ։ Ան ամենօրեայ պատասխանատուութիւն է՝ պետութիւնը պահպանելու, զայն հզօրացնելու եւ պետականութիւնը սերունդէ սերունդ փոխանցելու պարտաւորութիւն։

Այսօր, Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 35-րդ տարեդարձին, 21 Սեպտեմբերը կը մնայ այն պատմական օրը, երբ հայ ժողովուրդի դարաւոր անկախ հայրենիք ունենալու երազանքը դարձաւ վերականգնուած պետականութիւն։

Այսօր՝ 21 Սեպտեմբերին, Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը նշէ Անկախութեան օրը՝ վերանկախ պետականութեան 35-րդ տարեդարձը։

35 տարի առաջ, 1991 թուականի 21 Սեպտեմբերին, Հայաստանի ժողովուրդը համաժողովրդական հանրաքուէով վճռական «Այո՛» ըսաւ Խորհրդային Միութեան կազմէն դուրս գալու եւ անկախ պետութիւն դառնալու գաղափարին։ Հանրաքուէին մասնակցած քաղաքացիներուն ճնշող մեծամասնութիւնը՝ քուէարկելու իրաւունք ունեցողներուն 94,39 տոկոսը, կողմ արտայայտուեցաւ Հայաստանի անկախութեան։

Հանրաքուէի արդիւնքներուն հիման վրայ, 1991 թուականի 23 Սեպտեմբերին, Հայաստանի Հանրապետութեան Գերագոյն խորհուրդը Հայաստանը հռչակեց անկախ եւ ինքնիշխան պետութիւն։

Սակայն Հայաստանի վերանկախ պետականութեան վերականգնման գործընթացը սկսած էր աւելի կանուխ։ 1990 թուականի 23 Օգոստոսին Հայաստանի նորընտիր Գերագոյն խորհուրդը ընդունած էր «Հայաստանի անկախութեան մասին» հռչակագիրը, որով ազդարարուած էր անկախ պետականութեան հաստատման գործընթացի սկիզբը։ Հռչակագրի ընդունումէն մէկ օր ետք՝ 24 Օգոստոսին, որոշուեցաւ «Հայկական Խորհրդային Սոցիալիստական Հանրապետութիւն» անուանումը փոխարինել «Հայաստանի Հանրապետութիւն» անունով։

Անկախութեան հռչակումով Հայաստանի պատմութեան մէջ բացուեցաւ նոր ժամանակաշրջան։ Հայաստանի տարածքին պետական իշխանութեան եւ օրէնսդրութեան հիմքը դարձան հանրապետութեան Սահմանադրութիւնն ու օրէնքները, իսկ պետականութեան կրողը՝ Հայաստանի ժողովուրդը։ Հայաստանի քաղաքացիներուն համար հաստատուեցաւ հանրապետութեան քաղաքացիութեան ինստիտուտը, իսկ արտերկրի հայերուն վերապահուեցաւ Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստանալու իրաւունք։

Նորանկախ Հայաստանի առաջին Սահմանադրութիւնը ընդունուեցաւ 1995 թուականի 5 Յուլիսին՝ համաժողովրդական հանրաքուէով։ Գործող Սահմանադրութիւնը ընդունուած է 2005 թուականի 27 Նոյեմբերին՝ նոյնպէս հանրաքուէի միջոցով։

Անկախ Հայաստանի պետական խորհրդանիշները մեծ մասամբ իրենց արմատները կը տանին Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան ժամանակաշրջան։ Հանրապետութեան դրօշը եռագոյնն է, զինանշանը՝ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան զինանշանը, որուն հեղինակներն են ճարտարապետ Ալեքսանտր Թամանեանն ու նկարիչ Յակոբ Քոճոյեանը։ Հայաստանի օրհներգը եւս Առաջին Հանրապետութեան օրհներգն է՝ «Մեր Հայրենիք»-ը. անոր բառերուն հեղինակը Միքայէլ Նալպանտեանն է, իսկ երաժշտութիւնը՝ Բարսեղ Կանաչեանինը։

Հայաստանի անկախութիւնը 1991 թուականին արագօրէն ստացաւ միջազգային ճանաչում։ Նոյն տարուան ընթացքին 48 պետութիւն ճանչցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութիւնը, իսկ 1992 թուականի 2 Մարտին Հայաստանը դարձաւ Միաւորուած Ազգերու Կազմակերպութեան լիիրաւ անդամ։