Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակի (IDF) խօսնակ Տանիէլ Հակարին ըսած է, որ բանակը տարբեր ուղիներով միլիոնաւոր փորձեր ըրած է՝ զգուշացնելու Կազայի հատուածի բնակիչները տարհանուիլ դէպի հարաւ:
Հաղորդած է «ՌԻԱ Նովոստին»:
«Դուք կրնաք տեսնել, որ մենք միլիոնաւոր անգամներ կոչ ըրած ենք Կազայի բնակիչներուն հեռանալու հարաւ», -ըսած է Հակարը կիրակի օր կայացած մամլոյ ասուլիսին ՝ ներկայացնելով վերլուծութիւն բանակի կողմէ բնակչութիւնը նախազգուշացնելու գործողութիւններու վերաբերեալ: