image

Իսրայէլ Կազայի բնակիչներէն կը պահանջէ դէպի հարաւ հեռանալ

Իսրայէլ  Կազայի  բնակիչներէն կը պահանջէ դէպի հարաւ  հեռանալ

Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակի (IDF) խօսնակ Տանիէլ Հակարին ըսած է, որ բանակը տարբեր ուղիներով միլիոնաւոր փորձեր ըրած է՝ զգուշացնելու Կազայի հատուածի բնակիչները տարհանուիլ դէպի հարաւ:

Հաղորդած է «ՌԻԱ Նովոստին»:

«Դուք կրնաք տեսնել, որ մենք միլիոնաւոր անգամներ կոչ ըրած ենք Կազայի բնակիչներուն հեռանալու հարաւ», -ըսած է Հակարը կիրակի օր կայացած մամլոյ ասուլիսին ՝ ներկայացնելով վերլուծութիւն բանակի կողմէ բնակչութիւնը նախազգուշացնելու գործողութիւններու վերաբերեալ: