Իսրայէլի իշխանութիւնները Իրանի կողմէ սպառնալիքներու պատճառով փակած են 28 դիւանագիտական ներկայացուցչութիւն տարբեր երկիրներու մէջ, յայտնած է Sky News Arabia-ն։
Աւելի վաղ Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսին Իսրայէլին հատուցում խոստացած էր Դամասկոսի մէջ հիւպատոսութեան վրայ յարձակման համար, ուր սպանուած էին Իսլամական յեղափոխության պահակագունդի երկու զօրավար եւ հինգ սպայ։
Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակի ներկայացուցիչն ըսած է, որ երկիրը լրջօրէն կը վերաբերի իր դէմ ուղղուած որեւէ սպառնալիքի եւ պատրաստ է ամէն տեսակ սենարի։
Sky News Arabia-ն նշած է, որ Իրանի հնարաւոր պատասխանին հակազդելու համար իսրայէլեան բանակը բարձրացուցած է իր օդուժի եւ հակաօդային պաշտպանութեան մարտունակութիւնը, ինչպէս նաեւ չեղարկած է զինուորականներու արձակուրդները։
Նախօրէին «Քան» ռատիոն յայտնած էր նաեւ որոշ երկիրներու մէջ դեսպանատուներէն իսրայէլցի դիւանագէտներու տարհանման մասին։ Դիւանագիտական ներկայացուցիչներուն ուղարկուած են նախազգուշացումներ՝ հանրային միջոցառումներու չմասնակցելու յանձնարարականով։