image

Իսրայէլ հերթական անգամ հարուածած է Դամասկոսը

Իսրայէլ հերթական անգամ հարուածած է Դամասկոսը

Այսօր՝ Չորեքշաբթի լուսադէմին, Իսրայէլ հրթիռային յարձակում կատարած է Դամասկոսի հարաւը գտնուող դատարկ շէնքի մը վրայ, առանց կորուստներ պատճառելու։

Ռազմական աղբիւրները յայտնած են, որ «այսօր ժամը 12:45-ի սահմաններուն իսրայէլեան թշնամին երկու հրթիռով յարձակում գործած է սուրիական բռնագրաւեալ Կոլանի ուղղութեամբ՝ թիրախաւորելով Դամասկոսէն հարաւ գտնուող դատարկ շէնք մը»։

Մօտ մէկ շաբաթ առաջ սուրիական հակաօդային պաշտպանութիւնը դիմակայած էր իսրայէլեան ինքնաթիռներու կողմէ Լիբանանի տարածքէն արձակուած հրթիռային յարձակման, որ կը թիրախաւորէր երկրին կեդրոնը գտնուող Հոմս քաղաքը։

Կը նշուի, որ Սուրիան բազմիցս կոչ կ'ընէ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին՝ դատապարտելու իր դէմ իսրայէլեան յարձակումը եւ խիստ միջոցներ ձեռնարկելու անոր կրկնութիւնը կանխելու համար։