Իսրայէլը Ռուսիոյ հրեաներու թոռները պիտի զրկէ հայրենադարձութեան իրաւունքէն, գրած է «ՌԻԱ Նովոստին»՝ յղում ընելով իսրայէլցի փաստաբան էլի Հերվիցին։
Հայրենադարձութեան մասին օրէնքին մէջ փոփոխութիւններու պատճառ կրնայ դառնալ 1 նոյեմբերին տեղի ունեցած ընտրութիւններէն ետք ձեւաւորուող խորհրդարանական դաշինքը, որուն մաս կը կազմեն ծայրայեղ աջական ուժերու ներկայացուցիչները, որոնք կը պահանջեն օրէնքի մէջ թոռներու վերաբերեալ պարբերութեան չեղարկում։
Ներկայիս օրէնքի համաձայն՝ ազգային ինքնութիւնը կ'որոշուի մայրական կողմէն։ «Նման մարդուն իրաւաբանական լեզուով կ'անուանեն վերջին հրեայ։ Անորմէ կը հաշուեն երկու սերունդ՝ երեխաներն ու թոռները։ Եւ անոնք նոյնպէս հայրենադարձութեան իրաւունք ունին»,-ըսած է Հերվից։
Փաստաբանը յիշեցուցած է, որ երկրի իշխանութիւնը պարբերաբար կը զրկէ մարդիկը քաղաքացիութենէն ընտրովի ստուգումէ ետք։ Հերվից խորհուրդ տուած է շտապել անոնց, որոնք «մայրական կողմէ հրեայ չեն», քանի դեռ օրէնսդրական պատուհանը չէ փակուած։