Իսրայէլի ռազմաօդային ուժերու կործանիչները հրթիռային հարուածներ հասցուցած են Դամասկոսի արեւմտեան շրջանին մէջ իրանցի ռազմական խորհրդականներու հանրակացարաններէն մէկու վրայ, որ Սուրիոյ մէջ Իրանի դեսպանատան մօտ եղած է:
«Al Mayadeen» հեռուստաալիքը յայտնած է՝ յարձակման հետեւանքով զոհուած է երեք իրանցի սպայ:
Անոնք հրամանատիրական դիրքեր զբաղցուցած են Իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու զօրագունդի «Ալ քուտս» յատուկ ջոկատին մէջ: Անոնցմէ մէկը գլխաւորած է Իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու զօրագունդի հետախուզական ծառայութիւնը Սուրիոյ մէջ։
Յարձակման մասնակցած է երեք օդանաւ։ Քառայարկ տունը, ուր կը բնակէին սպաները, ամբողջութեամբ աւերուած է: