Իրավիճակը ծանր կայուն է Արցախի սահմանային հատուածներու երկայնքով։
Այս մասին յայտարարած է Արցախի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը։
Աղբիւրը նաեւ հաղորդած է, որ կարեւոր քայլեր կ՚իրականացուին իրավիճակի լիցքաթափման առընթեր։
Նշենք, որ Ատրպէյճանեան ուժեր երէկ յետմիջօրէի ժամերէն սկսեալ կրակ բացած էին հայկական պաշտպանական դիրքերու ուղղութեամբ թիրախաւորելով յատկապէս Մարտակերտի ու նաեւ Գանձասարի վանքի շրջակայքի հատուածները։
Կրակոցներուն հետեւանքով դիրքային փոփոխութիւններ չէին եղած, բայց եւ այնպէս հայկական կողմի մէկ զինուոր վիրաւորում ստացած էր։
Պիտի հետեւինք զարգացումներուն։