Իրաքի Թեմի նորանշանակ Առաջնորդ Հոգշ. Տ. Օշական վրդ. Կիւլկիւլեան օրերս հովուական այցելութեամբ մը այցելած է Իրաքեան Քիւրտիստանի հայկական շէներ։
Այս մասին գրառում կատարած է Քիւրտիստանի մէջ հոգեւոր ծառայութիւն մատուցող Արժ. Տ. Մասիս քհնյ. Շահինեանը, որ մասնաւորապէս գրած է՝
Իրաքի Թեմի Առաջնորդ . Հոգշ. Տ. Օշական վրդ. Կիւլկիւլեան այցելած է ՝ Տըհոքի Ս. Ներսէս Շնորհալի Եկեղեցի։
Առաջնորդը ծանօթացած է Հայաստանէն ժամանած եւ ծառայութեան կոչուած Հոգշ. Տ. Տիրայր վրդ. Յակոբեանին, եւ Հայր Սուրբին այցին ուղեկցած են Վահիկ Ավետիսեան եւ Զախոյի Եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդի անդամ Տիար Արմեն Լազարեան։
Սարքուած է ընդունելութիւն եւ հիւրերը մասնակից եղած են օրուայ սիրոյ սեղանին։
