image
Հրատապ լուրեր:

Իրաքի պետութեան փոքրամասնութիւններու գործադիր տնօրէնը այցելած է Առաջնորդ Հայր Սուրբին

Իրաքի պետութեան փոքրամասնութիւններու գործադիր տնօրէնը այցելած է Առաջնորդ Հայր Սուրբին

Օրերս Իրաքի Հայոց Թեմի Առաջնորդարան այցելած է երկրի փոքրամասնութիւններու գործադիր տնօրէնը, որն ի դէպ հայազգի հայրենակից է։

Պետական պաշտօնեան ընդունուած է Թեմի Առաջնորդ Հոգշ. Տ. Օշական վրդ. Կիւլկիւլեանին կողմէ։

Ստորեւ  կը ներկայացնենք այդ առթիւ հրապարակուած լրատւութիւնը, նորանոր յաջողութիւններ մաղթելով Թեմին եւ Թեմակալ  Առաջնորդին։

 

Առաջնորդարանի իր գրասենեակէն ներս, Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ հոգշ.Տ. Օշական Վրդ. Կիւլկիւլեան, Օգոստոսի 1ին ընդունեց Քրիստոնէից, Եզտի և Մէնտայի Կրօններու Աւանդապահութեան Տնօրէնութեան վարչական գործերու ընդհ. տնօրէն Պարոն Նովագ Պետրոսեանը։

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան մեր Եկեղեցւոյ և համայնքին հետ առնչուող Աւանդապահութեան ապագայ ծրագիրները։

Աւարտին, Պարոն Պետրոսեան յուշանուէր մը յանձնեց Հայր Սուրբին, Իրաքահայ Թեմին Առաջնորդ ընտրուելու առաջին տարեդարձին առիթով։ Իր հերթին, Առաջնորդ Հայր Սուրբը շնորհակալութիւն յայտնեց և շնորհաւորեց զինքը յիշեալ Աւանդապահութեան մէջ ստանձնած պաշտօնին համար։