Օրերս Իրաքեան Քիւրտիստանի Զախօ քաղաքը ունեցած է նոր հոգեւոր հովիւ։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Իրաքի Առաջնորդարանէն։
Նշենք, որ հոգեւոր հովիւի պաշտօնին կոչուած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի նորաօծ քահանայ հայրերէն՝ Տ. Ադամ քհնյ. Մովսէսեանը։
Ստորեւ հակիրճ տողերու մէջ կը ներկայացնենք քահանայ հօր կենսագրական տուեալները, բեղուն գործունէութիւն մաղթելով իր նոր առաքելութեան մէջ։
Ծնած է 02.07. 1991-ին, Էջմիածին: Յաճախած է Էջմիածնի Գրիգոր Նարեկացիի անուան թիւ 2րդ միջնակարգ դպրոց։
Տէր Ադամ քհն. Մովսէսեան ձեռնադրուած է 24 փետրուարին, Սուրբ Վարդանանց տօնին, Ձեռամբ Դամասկոսի թեմի առաջնորդ Գերաշ. Տէր Արմաշ եպս. Նալպանտեանի։ Ամենայն Հայոց Հայրապետի տնօրինութեամբ նշանակուած է Իրաքի Հայոց թեմի Հոգեւոր ծառայութեան։ Այժմ կը ծառայէ Իրաքի հիւսիսային շրջան Զախօ քաղաքի հայ համայնքին մէջ։ 2017-22 թուականներուն եղած է Մայր Աթոռի Հիւրընկալը։ 2014-17 թուականներուն աշխատած է Մայր Աթոռի Հայեցակարգային Գրասենեակին մէջ։ Անկէ առաջ ուսանած է Ճեմարանին մէջ, ընդունուելով 2008ին։