image
Հրատապ լուրեր:

Իրաքեան Քիւրտիստան. Տ. Ադամ քհնյ. Մովսիսեանը Զախոյի հոգեւոր հովիւ

Իրաքեան Քիւրտիստան. Տ. Ադամ քհնյ. Մովսիսեանը Զախոյի հոգեւոր հովիւ

Օրերս  Իրաքեան Քիւրտիստանի Զախօ քաղաքը ունեցած է նոր հոգեւոր հովիւ։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Իրաքի Առաջնորդարանէն։

Նշենք, որ  հոգեւոր հովիւի պաշտօնին կոչուած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի նորաօծ քահանայ հայրերէն՝ Տ. Ադամ քհնյ. Մովսէսեանը։

Ստորեւ  հակիրճ տողերու մէջ կը ներկայացնենք քահանայ հօր  կենսագրական տուեալները, բեղուն գործունէութիւն  մաղթելով իր նոր առաքելութեան մէջ։

Ծնած է 02.07. 1991-ին, Էջմիածին: Յաճախած է Էջմիածնի Գրիգոր Նարեկացիի անուան թիւ 2րդ միջնակարգ դպրոց։

Տէր Ադամ քհն. Մովսէսեան ձեռնադրուած է 24 փետրուարին, Սուրբ Վարդանանց տօնին, Ձեռամբ Դամասկոսի թեմի առաջնորդ Գերաշ. Տէր Արմաշ եպս. Նալպանտեանի։ Ամենայն Հայոց Հայրապետի տնօրինութեամբ նշանակուած է Իրաքի Հայոց թեմի Հոգեւոր ծառայութեան։ Այժմ կը ծառայէ Իրաքի հիւսիսային շրջան Զախօ քաղաքի հայ համայնքին մէջ։ 2017-22 թուականներուն եղած է Մայր Աթոռի Հիւրընկալը։ 2014-17 թուականներուն աշխատած է Մայր Աթոռի Հայեցակարգային Գրասենեակին մէջ։ Անկէ առաջ ուսանած է Ճեմարանին մէջ, ընդունուելով  2008ին։