image

Իրանը անդամ՝ Շանկհայի համագործակցութեան խորհուրդին

Իրանը անդամ՝ Շանկհայի համագործակցութեան խորհուրդին

Իրանը Շանհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՇՀԿ) լիիրաւ անդամ դարձած է ՇՀԿ պետութիւններու ղեկավարներու խորհուրդի 23-րդ գագաթնաժողովի աւարտին։

Թեհրանը դարձած է տարածաշրջանային դաշինքի 9-րդ անդամը։

«Անդամ երկիրներն ընդգծած են Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան՝ Շանհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան որպէս լիիրաւ անդամ պետութիւն ընդունելու պատմական նշանակութիւնը»,-ըսուած է գագաթնաժողովի աւարտին Նիւ Տելիի հռչակագրին մէջ, որ հրապարակուած է երեկոյեան:

Հնդկաստանի վարչապետ Նարենտրա Մոտին ըսած է, որ «երջանիկ է, որ Իրանը կը դառնայ Շանհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան անդամ»՝ աւելցնելով, որ գագաթնաժողովը նաեւ ճանապարհ կը հարթէ Պելառուսիոյ համար:

Իրանը միացած է Չինաստանին, Ռուսիոյ, Ղազախստանին, Ղրղզստանին, Փաքիստանին, Տաճիկստանին, Հնդկաստանին եւ Ուզպեքստանին որպէս լիիրաւ անդամ, իսկ Պելառուսիան ու Մոնղոլիան հրաւիրուած էին որպէս դիտորդ պետութիւն: