Իրանի բանակի մարտական ստորաբաժանումները ստացած են երկրի պաշտպանական արդիւնաբերութեան ներքին արտադրութեան աւելի քան 200 հեռահար ռազմավարական անօդաչու թռչող սարք։
«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ, այս մասին յայտնած է իրանեան IRNA գործակալութիւնը:
Աղբիւրի հաղորդմամբ՝ աւելի քան 200 հեռահար ռազմավարական անօդաչու թռչող սարքերը, որոնք մշակուած եւ արտադրուած են պաշտպանութեան նախարարութեան եւ բանակի միջեւ համագործակցութեան հետեւանքով, տեղափոխուած են Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան բանակի մարտական ստորաբաժանումներ՝ երկրի քանի մը շրջաններու մէջ տեղի ունեցած արարողութիւններու ժամանակ:
Արարողութիւններուն ներկայացուած են ռազմավարական անօդաչու թռչող սարքերու քանի մը տարբերակներ:
Ըստ աղբիւրի՝ անօդաչու թռչող սարքերը կրնան հարուածել շարժող եւ անշարժ թիրախներ: Այս անօդաչու թռչող սարքերը ենթարկուած են շարժիչային համակարգի փոփոխութիւններու եւ յագեցած են հետախուզական, կառավարման համակարգերով, հեռահար ռումբերով եւ ելեկտրոնային մարտական համակարգերով ՝ յատուկ առաջադրանքներ կատարելու համար: