Հայաստանի մէջ Իրանի նորանշանակ դեսպան Մեհտի Սոպհանին սկսած է իր առաքելութիւնը։
Իրանեան IRNA գործակալութիւնը յայտնած է, որ Հայաստանի մէջ իր առաքելութիւնը սկսելէ առաջ նորանշանակ դեսպանը հանդիպած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հոսէյն Ամիր Ապտոլլահեանի հետ։
Նշուած է, որ դեսպանի հետ հանդիպման Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը վերահաստատած է Իրանի կառավարութեան քաղաքականութիւնը հարեւաններու հետ յարաբերութիւններուն առաջնահերթութիւն տալու վերաբերեալ։