image

Նաթանիահուն Իսրայէլը պարտութեան կը տանի. Իսրայէլեան ԶԼՄ-ներ

Նաթանիահուն Իսրայէլը պարտութեան կը տանի. Իսրայէլեան ԶԼՄ-ներ

Իսրայէլեան ԶԼՄ-ները կը խօսին  անցնող 7-էն  հոկտեմբերէն վեր Իսրայէլի կառավարութեան «հնչեղ» ձախողման մասին՝ անդրադառնալով «Համաս»-ի «վերացման» եւ Կազայէն անոր գերիները վերադարձնելու ձախողման։

Լուրը համադրեց՝ «Արեւելք»ը. Հիմնական աղբիւր «Ալ Մայատին»

Իսրայէլեան լրատուամիջոցները կը խօսին 7  հոկտեմբերէն  ի վեր Բենիամին Նաթանիահուի գլխաւորած իսրայէլեան կառավարութեան «հզօր» ձախողման  մասին՝ անդրադառնալով «Համաս»-ի վերացման եւ եւ Կազայէն իսրայէլացի  գերիները վերադարձնելու ձախողման գործընթացներուն։ 

Այս  առումով ալ Yedioth Ahronoth կայքը գրած է. «Նոյնիսկ «Համաս»-ի քաղաքական բիւրոյի ղեկավար Իսմայիլ Հանիյէի որդիներու եւ թոռներու սպանութիւնը պիտի չփոխէ ընդհանուր պատկերը», աւելցնելով. «Աւելի քան վեց ամսուան պատերազմը Կազայի մէջ, եւ 7 հոկտեմբերին սկսած Իսրայէլի աղմկայարոյց ձախողումը, ամէն օր աւելի կը սրի»:

Կայքը մատնանշած է, որ «այս անգամ այլեւս հնարաւոր չէ մեղադրել բանակը կամ «Շին Պեթ»ը՝ բացատրելով, որ «խնդիրն այն է, որ տեղւոյն մէջ ռազմական ձեռքբերումները չեն վերածուիր ռազմավարական քաղաքական նուաճումներու, եւ սա պայմանաւորուած է քաղաքական նկատառումներով, որոնք առաջին հերթին ուղղուած են՝ Իսրայէլի կառավարութեան, եւ աւելի քիչ Իսրայէլի պետութեան ամբողջականութեան պահպանման»:

Աղբիւրը մատնանշած է, որ «Կազայի մէջ Իսրայէլի ցամաքային գործողութիւնը   շրջանը աւերակներու կոյտի մը փոխակերպեց, առանց հիմնաւոր փոփոխութեան մը  կամ առաջընթացի մը հասնելու»։ 

Համաձայն կայքին, իւրաքանչիւր տարածքին մէջ, ուրկէ իսրայէլեան բանակը դուրս եկած է «Համաս»-ի անդամները կը շարունակեն յայտնուիլ՝ աւելցնելով, «անոնք կը վերահսկեն օգնութեան բաշխումը, նոյնիսկ կը հետապնդեն Իսրայէլի հետ համագործակցութեան մէջ կասկածուողները եւ որոշ պարագաներու մահապատժի կ՚ենթարկեն զանոնք»։

 

Ձախողում՝ նպատակներու հասնելուն մէջ

Թերթը նշած է, որ Իսրայէլի առաջին նպատակը, որ «Համաս»-ի իշխանութիւնը տապալելն է, չիրականացաւ, քանի որ Իսրայէլի կառավարութիւնը Բենիամին Նաթանիահուի գլխաւորութեամբ կտրականապէս կը հրաժարի Կազայի հատուածի քաղաքացիական կառավարման իրատեսական այլընտրանքներու քննարկումէն, որուհետեւ Նաթանիահու «կը վախնայ» Իթամար Պեն Կըվիրէն (Ազգային անվտանգութեան նախարար) եւ Պեզալել Սմոթրիչէն (ֆինանսներու նախարար):

Կայքը նշած է, որ ձախողումը կապուած է նաեւ գերիներու ազատ արձակման անկարողութեան հետ՝ աւելցնելով, որ «թերեւս հնարաւոր ըլլար աւելի շուտ գործարքի հասնիլ, սակայն «Համաս»-ը հաստատակամ է զիջումներու չերթալու իր դիրքորոշման մէջ, եւ այդ պայմանաւորուած է ոչ պակաս չափով Իսրայէլի կառավարութեան դիւանագիտական եւ քաղաքական  ​​ձախողման հետ։

Թերթը աւելցուցած է, որ Նաթանիահուն «յաջողեցաւ հակամարտութեան մէջ մտնել ամերիկեան վարչակազմի հետ եւ ռազմավարական ճգնաժամ ստեղծել մեր ամենակարեւոր դաշնակցին հետ»՝ բացատրելով, որ ««Համաս»ը, ոգեւորուած այս ճգնաժամէն, կը գիտակցի, որ պայքարը շարունակելը եւ համաձայնութեան չգալը աւելիով պիտի սրէ Իսրայէլի եւ Ուաշինկթընի միջեւ  ստեղծուած ​վէճը, հետեւաբար, ան չի շտապեր համաձայնութեան գալ գերիներու ազատագրման հարցով, ընդհակառակը, ան այժմ կը  թողու, որ Իսրայէլը  գալարի ամերիկեան վարչակազմի առջեւ»։

Կայքն անդրադարձած է «Իսրայէլի ձախողման՝ միջազգային հանրութեան, յատկապէս ամերիկեան հանրային կարծիքին առաջ», նշելով, որ «նոյնիսկ ամերիկացի հրեաներու, եւ նոյնիսկ Իսրայէլի ամենաջերմ ընկերներու միջեւ զգացողութիւն  մը կայ, որ «կը բաւէ՛», եւ որ Նաթանիահուն պէտք է արագ հեռանայ, որպէսզի հնարաւոր ըլլայ «Վերականգնել Իսրայէլի դիրքը ԱՄՆ-ի մէջ,  եւ յատկապէս հրեաներու շրջանականերուն մէջ»։

Աղբիւրը շարունակած է՝ ըսելով. «Նոյնիսկ Իսրայէլին աջակցող հրեաներու միջեւ արդէն կը թափանցէ այն փոխըմբռնումը ,որ  Նաթանիահուն Իսրայէլը կը տանի դէպի բացարձակ պարտութիւն, եւ ոչ թէ յաղթանակ», աւելցնելով՝ «Պարտութիւն, որ ի վերջոյ պիտի յանգեցնէ Իսրայէլին հրադադարի հաստատման, առանց «Համաս»ը տապալելու, առանց գերիները ազատագրելու եւ իրականութեան մէջ «Համաս»ը ներկայացնելով՝ որպէս այս պատերազմի մէջ ամենամեծ յաղթող»։