Իրանի արեւմուտքը գտնուող Էյվան քաղաքին մէջ Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի գործած յարձակման հետեւանքով առնուազն վեց մարդ զոհուած է։ Այս մասին կը հաղորդէ իրանական Fars գործակալութիւնը՝ յղում կատարելով տեղական իշխանութիւններուն։
«Զոհուած են նոյն ընտանիքի վեց անդամներ, որոնք կը բնակէին այդ շէնքին մէջ, զոհերէն մէկը՝ վեց ամսական մանուկ մը»,– նշուած է գործակալութեան հաղորդագրութեան մէջ։
Ստացուած տեղեկութիւններուն համաձայն՝ Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի կողմէ գործուած յարձակումը տեղի ունեցած է շաբաթ առաւօտեան։ Թիրախ դարձած է Իրանի արեւմտեան Իլամ նահանգի Էյվան քաղաքի բնակելի տուներէն մէկը։