Միացեալ Նահանգները, Իրանը եւ տարածաշրջանային միջնորդները կը քննարկեն հնարաւոր 45-օրեայ հրադադարի պայմանները, որ կրնայ առաջնորդել հակամարտութեան վերջնական աւարտին։ Այս մասին կը յայտնէ Axios-ը՝ յղում կատարելով լաւատեղեակ աղբիւրներու։
Անոնց տուեալներով՝ բանակցութիւնները կը կատարուին Փաքիստանի, Եգիպտոսի եւ Թուրքիոյ միջնորդութեամբ, ինչպէս նաեւ ԱՄՆ-ի նախագահի բանագնաց Սթիվըն Ուիթքոֆի եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքչիի միջեւ՝ գրային հաղորդագրութիւններով։
Axios-ը կը հաղորդէ, որ միջնորդները իրանցի պաշտօնեաներուն ըսած են, որ մանեւրելու համար քիչ ժամանակ մնացած է, եւ առաջիկայ երկու օրերը կրնան ըլլալ «վերջին հնարաւորութիւնը»՝ լուրջ սրացումէ խուսափելու համար։
Բանակցութիւնները նպատակ ունին կանխելու աւելի լայն հակամարտութիւնը, որու ընթացքին կրնան հարուածներ հասցուիլ Իրանի քաղաքացիական ենթակառուցուածքներուն դէմ, եւ որուն կրնան յաջորդել պատասխան գործողութիւններ՝ Պարսից ծոցի երկիրներու էներգետիկ կեդրոններուն դէմ։
Թրամփը 20 ժամով երկարաձգած էր աւելի առաջ սահմանուած վերջնաժամկէտը՝ Truth Social-ի վրայ գրելով, որ Իրանն այժմ ժամանակ ունի համաձայնութեան հասնելու մինչեւ Ապրիլ 7, ժամը 20:00 (Արեւելեան ժամանակով)։
Թեմային ծանօթ երկու աղբիւրներ Axios-ին յայտնած են, որ Իրանի ուժանիւթային կեդրոններուն դէմ ուղղուած ԱՄՆ-ի եւ Իսրայէլի ռմբակոծման ծրագիրը «պատրաստ է»։ Լրատուական կայքը կը նշէ, որ վերջնաժամկէտին երկարաձգումը նպատակ ունի դիւանագիտութեան վերջին հնարաւորութիւն մը տալու։
Աղբիւրները նաեւ յայտնած են, որ միջնորդները կողմերուն հետ կը քննարկեն երկփուլանի համաձայնութեան պայմանները։ Առաջին փուլը կը նախատեսէ հրադադարի հաստատում՝ 45 օրուան համար։ Այս ընթացքին պիտի բանակցուի պատերազմի մնայուն աւարտը, իսկ անհրաժեշտութեան պարագային հրադադարը կրնայ երկարաձգուիլ։
Երկրորդ փուլը, ըստ Axios-ի աղբիւրներուն, կը նախատեսէ հակամարտութեան աւելի լայն կարգաւորում։ Ան կրնայ ներառել Հորմուզի նեղուցի վերաբացումը, ինչպէս նաեւ Իրանի բարձր հարստացուած ուրանի պաշարներուն հարցի կարգաւորումը՝ կամ երկրէն դուրսբերման, կամ նոսրացման միջոցով։