image

Իրան պատրաստ է զօրավարժանքներ իրականացնել՝ հարեւաններուն հետ

Իրան պատրաստ է զօրավարժանքներ իրականացնել՝ հարեւաններուն հետ

Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան զինուած ուժերը պատրաստ են ընդլայնել ռազմական համագործակցութիւնը տարբեր ոլորտներու մէջ բարեկամ եւ դաշնակից բոլոր երկիրներու հետ։

Այս մասին յայտարարած է Իրանի բանակի հակաօդային պաշտպանութեան ուժերու հրամանատար, զօրախումբի զօրավար Ալիռեզա Սապահիֆարտ՝ Իրանի հակաօդային պաշտպանութեան ուժերու 15-ամեակի կապակցութեամբ Թեհրանի մէջ օտարերկրեայ ռազմական կցորդներու հետ հանդիպման ժամանակ, գրած է mehrnews.com:

Սապահիֆարտ ըսած է, որ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան զինուած ուժերը բոլոր բարեկամ եւ դաշնակից երկիրներուն խաղաղութեան եւ բարեկամութեան ուղերձ կը յղեն:

Ան աւելցուցած է, որ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան զինուած ուժերը, յատկապէս հակաօդային պաշտպանութեան ուժերը, պատրաստ են ընդլայնել տարբեր տեսակի ռազմական համագործակցութիւնը վարժանքներու եւ համատեղ զօրավարժութիւններու, տեխնիկական եւ գործնական փորձի փոխանակման, ինչպէս նաեւ բոլոր բարեկամ եւ դաշնակից երկիրներու հետ փոխադարձ հանդիպումներու ոլորտին մէջ։