Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հըսէյն Ամիր Ապտըլ Լահեան կը կարծէ, թէ «3+3» ձեւաչափը կրնայ նպաստել տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան ամրապնդման։
Պաքուի մէջ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ հանդիպման ժամանակ իրանցի նախարարը, խօսելով «3+3» ձեւաչափին Իրանի մասնակցութեան մասին, նշած է, որ այդ համագործակցութիւնը յօգուտ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան ամրապնդման է, եւ ընդգծած է, որ տարածաշրջանէն դուրս օտարերկրեայ տէրութիւնները տարածաշրջանային խնդիրներուն միջամտելու իրաւունք չունին։ Ան նաեւ պնդած է, որ տարածաշրջանի երկիրները կրնան ինքնուրոյն լուծել իրենց խնդիրները։
Իր հերթին, Ալիեւ ըսած է, որ տարածաշրջանային խնդիրները տարածաշրջանի երկիրները պէտք է ինքնուրոյն լուծեն՝ յաւելելով. «Մենք դէմ ենք տարածաշրջանէն դուրս երկիրներու ներգրաւման տարածաշրջանային հարցերուն մէջ։ Մենք կը կարծենք, որ տարածաշրջանային կապերը օգտակար են տարածաշրջանի բոլոր երկիրներուն համար»։