image

Իրան հարուած հասցուցած է Քուէյթի մէջ գտնուող ամերիկեան ռազմակայանին

Իրան հարուած հասցուցած է Քուէյթի մէջ գտնուող ամերիկեան ռազմակայանին

Իրան հրթիռային հարուած հասցուցած է Քուէյթի մէջ տեղակայուած Ալի Ալ-Սալեմ օդուժի ռազմակայանին, որ կը գործածուի Միացեալ Նահանգներու ռազմաօդային ուժերուն կողմէ։ Այս մասին կը յայտնէ Bloomberg-ը՝ յղում կատարելով իրազեկ աղբիւրներու։

Լրատուամիջոցի աղբիւրներուն համաձայն, Քուէյթի հակաօդային պաշտպանութեան ուժերը խոցած են մայիս 30-ին արձակուած պալիսթիք հրթիռը, սակայն անոր բեկորները ինկած են ռազմակայանի տարածքին մէջ՝ վնաս պատճառելով նաեւ MQ-9 Reaper տիպի երկու հարուածային անօդաչու թռչող սարքերու։ Անոնցմէ իւրաքանչիւրին արժէքը կը հասնի մինչեւ 30 միլիոն տոլարի։

Բացի այդ, ամերիկացի քանի մը զինուորներ ստացած են ոչ ծանր վնասուածքներ, որոնք իրենց կեանքին վտանգ չեն ներկայացներ։

Հրապարակման պահուն, Միացեալ Նահանգներու զինուորական հրամանատարութիւնը տակաւին չէր մեկնաբանած Քուէյթի ռազմակայանին դէմ իրականացուած հարուածին վերաբերող տեղեկութիւնները։