image

Իրան-ԱՄՆ բանակցութեանց 8-րդ փուլը շուտով

Իրան-ԱՄՆ բանակցութեանց 8-րդ փուլը շուտով

Եւրոմիութիւնը յայտարարած է, որ «Իրանի միջուկային համաձայնագրի վերականգնման շուրջ Վիեննայի բանակցութիւններու ութերորդ փուլը պիտի վերսկսի այս շաբթուայ վերջաւորութեան։

«Ութերորդ փուլի վերսկսման ամսաթիւը պիտի ճշդուի աւելի ուշ», ըսած է Եւրոպական յանձնաժողովի արտաքին յարաբերութիւններու խօսնակ Փիթըր Սթանօն՝ նշելով, որ «Եւրոմիութիւնը կը շարունակէ զօրաշարժի ենթարկել ջանքերը բանակցութիւնները վերսկսելու համար՝ նպատակ ունենալով միջուկային համաձայնագրի վերականգնումը՝ համաշխարհային տէրութիւններու եւ Իրանի միջեւ»:

Իրանի գլխաւոր բանակցող Ալի Պաղերի Իսլամական խորհուրդի Ազգային անվտանգութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան յանձնաժողովի անդամներուն հետ հանդիպման ժամանակ ըսած է, որ «ստեղծուած են հիմք եւ անհրաժեշտ պայմաններ բոլորին համար սկզբունքային եւ շահաւէտ համաձայնութեան հասնելու», նշելով, որ «Արեւմուտքի բարի կամքը եւ լրջութիւնը երկու կարեւոր պայման են բանակցութիւնները աւարտին հասցնելու համար»:

Ան յաւելած է. «Իրանը դեռ որեւէ ուղիղ բանակցութիւն չէ վարած ամերիկացիներուն հետ: Չնայած դրական եւ յառաջադէմ բանակցային գործընթացին, տակաւին կան կարեւոր հարցեր, որոնք պէտք է բանակցուին եւ համաձայնեցուին»:

Նշենք, որ Վիեննայի բանակցութիւնները դադրեցուած էին Յունուար 28-ին` պատուիրակութիւններու ղեկավարներուն եւ անոնց մայրաքաղաքներուն միջեւ խորհրդակցութիւններու համար:

Սա Վիեննայի մէջ միջուկային բանակցութիւններու 8-րդ փուլի երկրորդ վերսկսումն է` անցեալ ամսուայ 17-ին վերսկսուելէ յետոյ, երբ նոյնպէս դադրեցուած էր խորհրդակցութիւններու համար: