image

Ինչո՞ւ Սուրիան Քապուլ չդարձաւ. Ճօրճ Ուրֆալեանին գրառումը

Ինչո՞ւ Սուրիան Քապուլ չդարձաւ. Ճօրճ Ուրֆալեանին գրառումը

Սուրիահայ լրագրող Ճօրճ Ուրֆալեան օրերս ուշագրաւ գրառում մը կատարած է։

Ան իր դիմատետրի էջին արտայայտուելով մասնաւորապէս գրած է, որ Սուրիան Աֆղանիստան չդառնալու գլխաւոր պատճառը այն էր, որ բանակը երկրի բանակն էր, որ մինչեւ վերջ պայքարեցաւ։

Ան մասնաւորապէս գրած է ՝ «Օրերս Աֆղանիստանի մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն մասին շատեր արտայայտուեցան։ Անոնք նաեւ այնտեղ տիրող իրադրութիւնը համեմատեցին Սուրիոյ հետ, գրելով, որ եթէ Սուրիոյ բարեկամ երկիրները չըլլային, ապա Սուրիան նոյն ճակատագիրը կ՚ունենար, ինչ ունեցաւ Աֆղանիստանը, բայց պարոնայք այդպիսին չէ, որովհետեւ Սուրիան պաշտպանուեցաւ իր զաւակներուն՝ իր հզօր բանակին շնորհիւ, այլապէս վստահ եղէք, որ Սուրիոյ մէջ ալ պատկերը նոյն պիտի ըլլար»։

Ուրֆալեան նաեւ զարմանք յայտնած է, թէ որոշ մարդիկ, ինչպէս կրնան անտեսել Սուրիոյ բանակին հերոսական դերն ու ուժականութիւնը։