Իսրայէլն անակնկալի եկած է եւ անոր երկար ժամեր պահանջուած են, որ իր ուժերը տեղափոխէ պաղեստինեան ՀԱՄԱՍ խմբաւորման կողմէ յարձակման ենթարկուած տարածքները պաշտպանելու համար, գրած է Haaretz-ը։
Յօդուածի հեղինակներ Եանիւ Քուպովիչի եւ Ժոնաթան Լիսի կարծիքով, սա գլխաւոր ձախողումներէն մէկն է, որ կը թելադրէ մարտի մէջ իրադարձութիւններու զարգացումը։
«ՀԱՄԱՍ-ի ահաբեկիչներու ներխուժումն Իսրայէլ, որ սկսած է շաբաթ օր առաւօտեան ժամը 06:30-ին, անակնկալի բերած է անվտանգութեան մարմինները։ Իսրայէլը չունէր հետախուզական նախազգուշացում ներխուժման մասին, եւ նոյնիսկ այն սկսելէն ետք, տեղւոյն մէջ բաւականաչափ քանակութեամբ զօրք չկար», - նշուած է յօդուածին մէջ։
Յօդուածի հեղինակներու կարծիքով, ստեղծուած իրավիճակի միւս հիմնական ձախողումներէն էր զինուորներու տեղափոխման վատ պատրաստուած մարտավարութիւնը, որ դանդաղեցուց ողջ գործընթացը։ Բացի այդ, շատ զինուորներ ստիպուած եղած են սեփական մեքենաներով հասնիլ Կազայի հատուածի հետ սահմանը կամ դիմել հարազատներու օգնութեան: