image
Հրատապ լուրեր:

Նիւ Եորք. Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս ընդունեց Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ Պատուիրակութիւնը

Նիւ Եորք. Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս ընդունեց Հայ Աւետարանական   Եկեղեցւոյ Պատուիրակութիւնը

Օրերս Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Կիլիկեան Սուրբ Աթոռի ԱՄՆ Արեւելեան Թեմի Ազգային Առաջնորդրանը ժամադրավայրն էր կարեւոր հանդիպման։ Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, ընդունած է  Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ  պատուիրակութիւն մը գլխաւորութեամբ այցելութիւնը Հիւսիսային Աւետարանական Միութեան հովիւ՝ Վերպ. Հենրիկ Շահնազարեանի, եւ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան գործադիր տնօրէն՝ պրն. Սերժ Պչաքճեանի։

Ստորեւ «Արեւելք»ի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք այդ մասին հրապարակուած հաղորդագրութիւնը՝

Ուրբաթ, 22 Մայիսին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, ընդուեց այցելութիւնը Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Միութեան հովիւ՝ Վերպ. Հենտրիկ Շահնազարեանի, եւ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան գործադիր տնօրէն՝ պրն. Սերժ Պուչաքճեանի։ Հանդիպումը առիթ եղաւ կապեր վերանորոգելու եւ շահեկան խօսակցութիւն ունենալու ազգային հարցերու շուրջ։