Հիւսիսային Քորէայի առաջնորդ Քիմ Եոնկ Ըն այցելած է նոր միջուկային նիւթերու արտադրութեան գործարան՝ յայտարարելով երկրի միջուկային ուժերը ընդլայնելու ծրագիրներու մասին։ Այս մասին կը տեղեկացնէ Քորէայի Կեդրոնական լրատուական գործակալութիւնը (KCNA)։
Քիմ Եոնկ Ընին ուղեկցած են Քորէայի Աշխատաւորական կուսակցութեան Կեդրոնական կոմիտէի եւ Միջուկային զէնքի հետազօտութիւններու հիմնարկի պաշտպանական արդիւնաբերութեան ներկայացուցիչները։
Գործարանին մէջ ան քննարկած է արտադրական գործընթացները, կատարողականի ցուցանիշերը եւ զարգացման ծրագիրները։ Հիւսիսային Քորէայի առաջնորդը շեշտած է միջուկային նիւթերու արտադրութեան ծաւալներու հետագայ աճման եւ երկրի միջուկային ներուժի ընդլայնման անհրաժեշտութիւնը։
Լրատուամիջոցը չէ յստակացուցած, թէ ո՛ւր կը գտնուի նոր գործարանը։
Այցի ընթացքին Հիւսիսային Քորէայի առաջնորդը նշած է, որ երկրի ռազմական նշանակութեան միջուկային նիւթերու արտադրական կարողութիւնը վերջին հինգ տարիներու ընթացքին աւելի քան կրկնապատկուած է։
Ինչպէս կը յիշեցնէ France24 գործակալութիւնը, 2026 թուականի Ապրիլին Աթոմային ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան (IAEA) ընդհանուր տնօրէն Ռաֆայէլ Կրոսի լրագրողներուն յայտնած էր, որ իրենց տուեալներով Հիւսիսային Քորէայի միջուկային կառոյցներուն մէջ գործունէութեան «արագ աճ» արձանագրուած է։