Եւրոպական Միութիւնը լրացուցիչ աջակցութիւն պիտի ցուցաբերէ Հայաստանին՝ Ռուսիոյ կողմէ հայկական որոշ ապրանքներու ներմուծման արգիլքի եւ սահմանափակումներու լոյսի ներքոյ։
Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Վասիլիս Մարակոս, հայ արտահանողներու հետ հանդիպման ընթացքին, յայտնած է, որ Յունիս 4-ին կարեւոր հանդիպումներ եւ հեռախօսազանգեր կը սպասուին, որոնցմէ ետք պիտի յայտարարուին Հայաստանին տրամադրուելիք լրացուցիչ աջակցութեան միջոցառումները։
«Այսօր աւելի ուշ կարեւոր հանդիպումներ պիտի կայանան, հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ պիտի ըլլան, ներառեալ՝ Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լայէնի հետ, որմէ ետք պիտի յայտարարենք Հայաստանին աջակցելու վերաբերեալ յաւելեալ յստակ միջոցառումներու մասին»,– ըսած է Մարակոսը։
Դեսպանը նշած է, որ հայ արտահանողներուն եւ տնտեսավարողներուն հետ հանդիպման նպատակը անոնց գաղափարներն ու առաջարկները լսելն է, հասկնալու համար, թէ Եւրոպական Միութիւնը ինչպէս կրնայ աջակցիլ, որ անոնք կարենան բազմազանեցնել իրենց արտահանման շուկաները։
Դեսպանը յիշեցուցած է, որ Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանի մասնաւոր հատուածին համար արդէն իսկ իրականացուցած է բազմաթիւ աջակցութեան ծրագիրներ։
«Հայ գործարարները ամենայաջողակներուն շարքին են ոչ միայն այստեղ՝ Հայաստանի մէջ, այլեւ ամբողջ աշխարհի տարածքին։ Ասիկա իսկապէս շատ կարեւոր մեկնարկային կէտ է, սակայն այժմ կ՚ուզենք լսել ձեր կարծիքները ներկայ մարտահրաւէրներու մասին։ Այս հանդիպման գլխաւոր նպատակը ձեր տեսակէտները լսելն ու ձեր ակնկալութիւններուն ծանօթանալն է։ Մենք այստեղ չենք կառավարութիւնը փոխարինելու համար, եւ կ՚ուզեմ այս մէկը յստակ ընդգծել։ Մենք նաեւ բացարձակապէս նոր բան չենք ըներ, որովհետեւ կը շարունակենք այն աշխատանքը, որ արդէն միասին սկսած էինք»,– ըսած է Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպանը։
Վերջին շրջանին Ռուսիան պարբերաբար սահմանափակումներ կը կիրառէ հայկական ապրանքներու ներմուծման նկատմամբ։ Մասնաւորապէս, ան արգիլած է Հայաստանէն ծաղիկներու, «Ջերմուկ» հանքային ջուրի, որոշ ոգելից խմիչքներու եւ ձկնամթերքի ներմուծումը։ Սահմանափակումներ կիրառուած են նաեւ պտուղ-բանջարեղէնի եւ միրգերու ներմուծման նկատմամբ։