image
Հրատապ լուրեր:

Ինչպէս խուսափիլ «Արեւմտեան Նեղոսի տենդ»էն

Ինչպէս խուսափիլ  «Արեւմտեան Նեղոսի տենդ»էն

ՀՀ Առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման ազգային կեդրոնն Արեւմտեան Նեղոսի տենդէն խուսափելու համար ութ կէտէ բաղկացած ուղեցոյց հրապարակած է.-

  • Սահմանափակել մթնշաղէն մինչեւ լուսաբաց դուրս մնալու ժամանակը, երբ մոծակները կ'աշխուժանան։
  • Ձեռք չտալ սատկած թռչուններուն։
  • Կրել երկարաթեւ հագուստ։
  • Հեռացնել տան շրջակայքին մէջ առկայ ջրականգերը` մոծակներու բազմացումը կանխելու համար։
  • Կրել մէկ անգամուայ օգտագործման ձեռնոցներ, պաշտպանիչ հագուստ` հիւանդ կենդանիներու հետ շփման, սպանդի կամ մսեղիքի մշակման ընթացքին։
  • Խուսափիլ երկար խոտերէ, խոնաւ տարածքներէ, թուփերէ եւ խոտածածկ ափերէ։
  • Օգտագործել միջատավանիչ միջոցներ։
  • Օգտագործել պատուհանի եւ դռներու համար նախատեսուած հակամիջատային ցանց։