image

Ինչպէս ցեղասպանագործ Հիթլերի վերջը եկաւ, այնպէս ալ պիտի գայ ցեղասպանագործ Նաթանիահուի վերջը. Թուրքիոյ ԱԳՆ

Ինչպէս ցեղասպանագործ Հիթլերի վերջը եկաւ, այնպէս ալ պիտի գայ ցեղասպանագործ Նաթանիահուի վերջը. Թուրքիոյ ԱԳՆ

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը կոշտ քննադատած է Իսրայէլի իշխանութիւնները՝ անոնց համեմատելով նացիստական Գերմանիոյ ղեկավարութեան հետ, յայտնած է aa.com.tr կայքը։

«Ինչպէս նացիները պատասխանատւութեան ենթարկուեցան, այնպէս ալ անոնք, որոնք կը ձգտին ոչնչացնել պաղեստինցիները, պիտի պատժուին: Ինչպէս աւարտեցաւ Հիթլերի ցեղասպանութիւնը, այդպէս ալ պիտի աւարտի (Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին) Նաթանիահուի սկսած ցեղասպանութիւնը։ Ինչպէս նացիները ենթարկուեցան արդարադատութեան, այնպէս ալ անոնք, որոնք կը ձգտին ոչնչացնել պաղեստինցիները, պիտի պատժուին: Մարդկութիւնը պիտի ըլլայ պաղեստինցիներու կողքին: Դուք չէք կրնար ոչնչացնել անոնց», -ըսուած է գերատեսչութեան յայտարարութեան մէջ:

Յիշեցնենք, որ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Իսրայէլ Կացը յայտարարած է, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողան կրնայ կրկնել Իրաքի ղեկավար Սատամ Հուսէյնի ճակատագիրը. ան ղեկավարած է Իրաքը 1979-2003 թուականներուն, իսկ 2006 թուականին մահապատժի ենթարկուած։

Նախարարն այս յայտարարութիւնը ըրած է՝ ի պատասխան Թուրքիոյ ղեկավարի յայտարարութեան այն մասին, որ «Թուրքիան կրնայ մտնել Իսրայէլ, ինչպէս որ ըրած է Լեռնային Ղարաբաղի եւ Լիպիոյ մէջ»:

«Էրտողանը կը քալէ Սատամ Հուսէյնի հետքերով եւ կը սպառնայ յարձակիլ Իսրայէլի վրայ։ Պարզապէս յիշեցուցէք անոր, թէ ինչ կատարուեցաւ այնտեղ՝ Իրաքի մէջ, եւ ինչպէս աւարտեցաւ»,- գրած է Կացը X-ի էջին: