Քոսովոյի ուժերու հրամանատարութեան կողմէ ստուգուած է Քոսովոյի մէջ խաղաղապահ առաքելութիւն իրականացնող հայկական զօրախումբի մարտունակութիւնը։ Ստորաբաժանումը բերուած է բարձր մարտական պատրաստականութեան վիճակի։
Առաջադրուած խնդիրները զօրախումբը իրականացուցած է ժամանակին եւ որակով:
Քոսովոյի ուժերու հրամանատարութիւնը բարձր գնահատած է հայ խաղաղապահներու պատրաստուածութիւնը: