ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութինը շնորհակալութիւն յայտնած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին «ԼՂ հարցով փոխզիջումային լուծումներ գտնելու» համար, կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոստի»-ն:
«Ի հարկէ, կարեւորագոյն հարցերէն մէկը կը մնայ տարածաշրջանին մէջ իրավիճակի կարգաւորման հարցը: Գիտեմ, որ ատոր մեծ ուշադրութիւն կը յատկացնէք եւ կարեւորութիւն կու տաք: Կ'ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել Ձեզի փոխզիջումային լուծումներ գտնելու համար: Անոնք միշտ ամենաբարդն են: Սակայն եթէ մենք կ'ուզենք, իսկ մենք բոլորս կ'ուզենք կարգաւորում, ապա պէտք է երթանք այդ ճանապարհով: Մինչ օրս յաջողած են այդպէս առաջ երթալ »,-ըսած է Փութին:
Նշենք, որ Ալիեւն աշխատանքային այցով կը գտնուի Մոսկուա, որու շրջածիրէն ներս բանակցութիւններ կ'ընթանայ Փութինի հետ:
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսվել