image
Հրատապ լուրեր:

Ինչ պայմաններու տակ Հայաստանի մէջ պահուած էին ատրպէյճանցի կալանաւորները

Ինչ պայմաններու տակ Հայաստանի մէջ պահուած էին ատրպէյճանցի կալանաւորները

Ատրպէյճանցի կալանաւորուած զինծառայողներ Ակշին Պապիրովն ու Հուսէյն Ախունտովը Ֆիզիքական եւ հոգեբանական որեւէ ճնշման չեն ենթարկուած։ 

«Sputnik Արմենիա»ի գրաւոր հարցմանն ի պատասխան այս մասին ըսած են ՀՀ արդարադատութեան նախարարութենէն։

Ախունտովն ու Պապիրովը Հայաստանի մէջ դատապարտուած են սպանութեան եւ սահմանն ապօրինի հատելու համար։ Անոնց վերադարձէն ետք ատրպէյճանական մամուլին մէջ յայտնուած են տեսանիւթեր, ուր անոնց հարազատները կը յայտարարեն, թէ իբր Հայաստանի մէջ Ախունտովին եւ Պապիրովին բռնութեան եւ հոգեբանական ճնշման ենթարկած են։

Կալանաւորուած Ակշին Պապիրովը ՀՀ Արդարադատութեան նախարարութեան «Երեւան-Կեդրոն» քրէակատարողական հիմնարկ ընդունուած է 2023 թուականի ապրիլ 13-ին, Հուսէյն Ախունտովը՝ 2023 թուականի ապրիլ 15-ին։ 

ՀՀ արդարադատութեան նախարարութենէն նշած են, որ ատրպէյճանցի կալանաւորուածներուն այցելած են ՀՀ մարդկային իրաւանց պաշտպան Անահիտ Մանասեանը եւ Մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան գրասենեակի աշխատակիցները, բացի այդ 8 այց ունեցած են Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի ներկայացուցիչները (19.04.2023, 13.06.2023, 20.07.2023, 07.08.2023, 11.09.2023, 19.10.2023, 20.10.2023, 23.11.2023)։

«Ագշին Բաբիրովը եւ Հուսէյն Ախունդովը պահուել են խցային պայմաններում, կենցաղային խնդիրներ չեն ունեցել, խցերն ապահովուած են գոյքով եւ մշտական խմելու ջրով։ Կալանաւորուած անձանց տրամադրուել է սնունդ, հագուստ, կենցաղային եւ անկողնային պարագաներ, դեղորայք։ Մէկ կալանաւորուած անձի սննդի օրական ծախսը կազմում է 1550 դրամ»,- նշուած է հարցման պատասխանին մէջ։