image

Ի՞նչ գումարներ վճարեցին «Ռիթց» պանդոկին մէջ «բանտարկուած» իշխանները.Նոր տուեալներ

Ի՞նչ գումարներ վճարեցին «Ռիթց» պանդոկին մէջ  «բանտարկուած»  իշխանները.Նոր տուեալներ

Սէուտական Արաբիոյ իշխանութիւնները հետաքննութիւն սկսած էին «կաշառակերութեան» հարցերու մէջ մեղադրուող անձերու շուրջ: Այս մասին կը գրէ «Ալ-Տիար»ը:

 

Իշխանութիւնները յայտարարած են, որ ազատ արձակուած ձերբակալեալներէն՝ հարցերու կարգաւորման համար գանձուած գումարի չափը գերազանցած է 107 միլիառ տոլարը, ընդգծելով, որ այս արշաւի ծիրէն ներս ձերբակալուած 360 անձերէն 56-ը  տակաւին  կալանքի տակ են:

 

Իշխանութիւններու համաձայն մեղադրեալները կ'ամբաստանուին դրամալուացման եւ այլ հարցերու մէջ, մինչ Սէուտական հարցերու մասնագէտները այն կը կապեն Սէուտական Արաբիոյ ապրած տնտեսական եւ ռազմական ճգնաժամին հետ, ըլլայ Եէմէնի, կամ Սուրիոյ, Լիպիոյ, Իրաքի եւ այլ վայրերու մէջ ահաբեկչական խմբաւորումներուն օժանդակելու , ինչպէս նաեւ մօտ կէս թրիլիոն  տոլար ԱՄՆ-ի նուիրելու պատճառով: