image

Իսրայէլ հարուածներ տուաւ Իրանին. Ամենավերջին տուեալները

Իսրայէլ հարուածներ տուաւ Իրանին. Ամենավերջին տուեալները

Իսրայէլ յունիս 13-ի վաղ առաւօտեան շարք մը հարուածներ հասցուցած է Իրանին։ Յարձակման հետեւանքով որոշ բարձրաստիճան իրանցի զինուորականներ եւ միջուկային բնագէտներ զոհուած են։

Իսրայէլի ռազմաօդային ուժերը հարուածած են տասնեակ թիրախներ, որոնք իբր կապուած են միջուկային ծրագրի եւ ռազմական կառոյցներու հետ։ Այսպէս օրինակ, թիրախներ խոցուած են Թեհրանի, Թաւրիզի, Սպահանի, Իլամի մէջ։ Յարձակման ենթարկուած է նաեւ Նեթենզի միջուկային կառոյցը։

Իսրայէլ յարձակած է իրանեան Պանտար Ապպաս քաղաքին մէջ գտնուող ռազմածովային կայանի վրայ, յայտնած են իրանեան լրատուամիջոցները ։

Համացանցի մէջ այտնուած են Իսրայէլի հարուածի հետեւանքով տեղի ունեցած պայթումի տեսանիւթեր։

Իրանի քաղաքացիներուն ուղղուած իր ուղերձին մէջ գերագոյն առաջնորդ այաթոլլա Ալի Խամենէին Իսրայէլի կողմէ Իրանին հասցուած հարուածները յանցագործութիւն որակած է եւ յայտարարած, որ Իսրայէլին «դառն եւ սարսափելի ճակատագրի» կը սպասէ։

Իսրայէլեան բանակի մամուլի քարտուղարի յայտարարութեան համաձայն՝ Իրանին հասցուած առաջին հարուածներուն մէջ աւելի քան 200 իսրայէլեան ՌՕՈւ ինքնաթիռ ներգրաւուած եղած է, կործանիչներն աւելի քան 330 զինամթերք նետած են։