Դառնալով մեր մանկական առաջին շփումներուն Արեւմուտքին հետ կամ աւելի ճիշդը՝ այդ ժամանակի մեր ըմբռնումով Եւրոպային հետ։ Հայրս վաճառական էր եւ կը ճամբորդէր Շուէտ, ուրկէ շարժիչներ եւ մեծ ինքնաշաժներու կտորներ կը ներածէր Սուրիա: Ամէն վերադարձին մեր տան մէջ աւելի կը ներմուծուէր Եւրոպան ու եւրոպականը ո՛չ միայն հօրս բերած նուէրներով, այլ Եւրոպայի պատկերացումներու մէջէն ստեղծուած օդով, մթնոլորտով եւ երեւակայական աշխարհով, որոնց ստեղծման հետ մեր ընկալումներն ու վերապրուածութեան ալ աստիճանները հեռուէն հեռու, բայց արեւելեան-հայկական Հալէպի գետնի վրայ, մեր հոգեշաղուածութիւնն ու անհատականութիւններն ալ ձեւով մը ժամանակաւոր, բայց ներքնապէս ընդլայնուած ձեւով կը կազմէին: «Թոպլերոն» տուրմին հոտն ու համը, տուփին տեսքը եւ անոր հետ կապուած աշխարհը Եւրոպան էր, «Նայքի» կամ «Ատիտաս» կօշիկներու առաջին հագուիլն ու ցատկերը, անոնցմով մարզական, նորաձեւական, քայլուածքի, վարքի եւ տեղ մըն ալ մեր մանկական անմեղ «սնափառութեան» աղբիւրներն էին: Հայրիկիս բերած թերթերը, «քաթալոկ»ներն ու ամսագիրները անվերջանալիօրէն կը հիւսէին մաքուր, կահաւորուած ու ցանկալի աշխարհ մը՝ մեզի հրամցուած եւրոպական մանկական գրականութեան կողքին: Անոնք աւելի վառ ու անձնական կապեր կը ստեղծէին նոյն վերամբարձ գրականութենէն ալ խիտ ու մօտիկ, նոյն եւրոպականով կազմաւորուած եւ Եւրոպայի հաճոյքը զգացող ու մեզմով իւրայատկաբար կազմուող: Ետքը երբ կարդացի Մարիա Վլատիի գիրքը Վլատիմիր Վիսոցքիի մասին եւ հոն նկարագրուած անոնց զեխութեան, պերճութեան, առատութեան եւ հանգստաւէտութեան հանդէպ կարօտը, ըմբոշխնուած Փարիզէն կատարուած անոնց գնումներու հաճոյքով, ուր մեծ խինդ մը կը ներկայացնէր ինքզինք, ապրեցայ նոյն հեռու մեր մանկական զգացումները, որոնք մանկութեան ընդմէջէն մշուշոտ բայց ուրախ ու կարօտալի աչքերով կը նայէին հեռու-չժամանող բայց սիրելի Եւրոպային ու հոնկէ եկածին:
Երբ մեծցայ եւ մշակութաբանութեամբ տարուեցայ եւ ինծի համար ալ բաղդատականները ակամայ ոճ եղան յայտնաբերելու առարկայականն ու ենթակայականը, զգացի որ ոճը-կերպը, ճաշակը, երաժշտութիւնը, ծրարաւորումը, հրամցնելու ձեւը, վերջաբանականի հմայքը (ֆինիշինկ) եւ ամենագէտ գեղեցկութիւնն ու անոր ամենաժամ տատանումները եւ շատ ու շատ բանէն ընդունէինք կամ ոչ, Եւրոպան տուած էր եւ դեռ կու տար մեզի:
Մշտապէս վերայայտնաբերմամբ մեր համտեսած տուրմը միայն տուրմ չէր, ինչպէս կօշիկները ու հագուստները, շուէտական «Ապպա» խումբը, ինքնաշարժները, երգն ու պարը, մարմնի շարժուձեւերը… անվերջ բաներ էին: Իսկ ետքը պատանեկութեան շատ աւելի կլանող ու կերտիչ «Հարտ ռաք»ով, «փոփ» երաժշտութեամբ, մարզաձեւերով ու մարզիկներով, «NBA»ով իր գերմարդկայնութեամբ, «Ուիմպըլտըն»ով ու «Ռոլան Կարոս»ով եւ շատ մը դիւթական ու համակող բաներով կապը մեծցաւ սիրուած կամ չսիրուած Եւրոպային ու նոր յայտնաբերուող Ամերիկային ալ հետ:
Մեր մանկութիւնը ինչքան արեւելեան էր արաբական աշխարհի մէջ ընթանալով, միեւնոյն ժամանակ արեւմտեան էր, ինչ որ աւելի կարեւոր էր ու արեւմտեան իտէալականացմամբ մը կը թաւալէր: Մեզմէ ոչ մէկը կ՚երազէր Իրանի կամ Փաքիստանի, նոյնիսկ Հոնկ Քոնկի ու Պալիի (բացի ետքը մեղրալուսնի համար) մասին։ Քանի Արեւմուտք կոչուածէն, որուն միացաւ Ամերիկան եւս, հեզասահ ու վեհօրէն կու գային պատանեկան մեր «վայելքները». աստղերուն, գեղեցկուհիներուն, ինքնաշարժներուն եւ այլնի մէջ տեսնելով զանոնք: Նոյն այդ իտէալը ինչքան ալ կատարելագործուեցաւ ապագային եւ աւելի իմացական դարձաւ, զուգակցելով ազգային եւ նոյնիսկ մեծ համամարդկայինին ալ հետ, այդ մնաց ոգեւորիչ ու դիւթող՝ Թոմ Քրուզի «Թոփ կան» շարժանկարի գծած փափաքելի ազատականացմամբ, ոճով, գեղեցկութեամբ եւ էրոթիզմով. մէկ խօսքով՝ կատարեալ թուացող ուրուագծումով մը:
Եւ հոս պէտք է ըսեմ, որ ընդհանուր առմամբ որեւէ իտէալ եթէ կայ, ձեւով մը պէտք է մասամբ կիրառուող ըլլայ այն, որպէսզի ապրի եւ անոր ըմբոշխման առարկան ծանօթ եւ հարազատ պէտք է թուի, երբ այն ապրեցնող ու յաղթող է, ուրեմն տեղ մըն ալ ճշմարիտ է եւ հասանելի: Մեզմէ շատ շատեր հասան այդ «Թոմ Քրուզեան» կեանքին եւ անոր նմանող վերծանումներուն: Մեզմէ ոչ մէկը գործադրեց եւ նոյնիսկ ուզեց հասնիլ չինական, ճաբոնական իտէալներուն։ Այս կէտին, հաւանաբար, մեր քրիստոնեայ ըլլալն ալ իր դերը ունէր, կամ ինչպէս մենք՝ հայերս մեզ կը համարենք Եւրոպայի պատկանող: Ապագայապաշտութիւնը ինքզինք կը պարզէր արեւմտեանով նոյն արուեստաբանական ալ հենքով ու ինքնաբերաբար ապագայապաշտը Արեւելքը չէր կրնար ըլլար: Բայց հոս կարեւոր է նշեմ, որ ինքնին իսլամական աշխարհն ալ բացուեցաւ եւ ինչ որ կը կատարուի հոն համաշխարհայնացմամբ՝ արեւմտեան բանալիներով կ՚ըլլան: Արեւելքը իր խորհրդաւորութեամբ ու այսպէս ըսած անմեղութեամբ, անիրաւուածութեամբ, զոհականութեամբ, աւելի արաբականով կը բանէր եւ տակաւին կը բանի եւ ամենակլանող ու տիրական դիմագիծը անոր արաբա-իսլամականով ինքզինք ցոյց կու տայ: Մեզի համար, իբրեւ Արեւելքի մէջ ծնած ու ապրող, հաւանաբար շատ տեսանելի չէ այդ մէկը՝ ինչքան արեւմուտքցիին: Այ, Ճաբոնն ու Չինաստանն ալ Արեւելք են, բայց անոնց տարբերուող մշակոյթը այդքան ալ սուր հատուածութեամբ չէ, ինչքան արաբա-իսլամականը: Եւ հոս է, որ շատ հետաքրքրական ու նոյնիսկ կրնանք ըսել հրաշալի համադրութիւն մը կը ստեղծուի արաբա-իսլամականի եւ արեւմտեանի խառնուրդով, ինչպէս նաեւ այդ գործընթացի միջոցաւ եղած բացուածութեամբ ու նուաճումներով (հակառակ որ տեղ մը իսլամականն ու արեւմտեանը իրենց ենթաշերտերով հակամարտող են)։ Այս վիճակին վառ ու յաջող օրինակը Տուպային է, որու փայլքը կու գայ նոյն Արեւելքի ալ տարաշխարհիկէն, բայց այն արեւմտեան է նոյնպէս իր ամէն ինչով:
Այո՛, Արեւելքը խղճահարութիւն կը հայցէր մեզմէ, քանի հայ էինք եւ արհաւիրք տեսած այս Արեւելքի մէջ, բայց անոր կողքին երբ սկսանք տեսնել Արեւելքի մեծ ձախողումը, ձեւով մը մխիթարանքներ ստեղծեցինք մենք մեզի համար (առանց Արեւմուտքի իմացութեան եւ անոր յանձնակատարումին): Արաբական դատն ալ մեզի համար որդեգրելի էր, մեր ինքնութեան տառապալից ու ողբերգական կառուցուածքը ինքնեկ կը լուծուէին արեւմտեանին հետ, հոն կը գտնէինք լուսաւորութիւնը եւ մասամբ յաղթանակը Արեւելքին վրայ տարուած, քանի անուղղակի վրէժ ալ ունէինք մեզի տառապեցուցած Արեւելքին եւ նոյնիսկ արեւմտեան ձուլումի գնով կը կարծէինք, որ պիտի յառնէր մեր պայծառ ինքնութիւնն ալ անոր միջոցաւ: Բայց շատ անգամներ մեր ինքնութիւնը Արեւելքի քրիստոնեաներուն հետ ստեղծելու մէջ էր եւ արեւմտեանի ներկայացուցիչ կամ Արեւմուտքի դաշնակից ըլլալը շատ բան չէր տար մեզի, այլ հակառակը հաւանաբար կը խորթացնէր ու նախանձ կը յառաջացնէր Արեւելքի մօտ՝ մեզի համար վատ հետեւանքներ ստեղծելով:
Մանկական ու պատանեկան մեր Արեւելք-Արեւմուտք ընկալումը աւելի արդիականութեան եւ հնամաշութեան մէջ կը կայանար, պատանեկան արդար ընդվզումները արեւմտեաններով հունաւորելու, զօրացնելու անբռնազբօսիկ վարմունքներու մէջ էր, ինչքան ալ ետքը յայտնաբերեցինք, որ արեւմտեան ազատութիւնը մեզի ազատագրումի համար չէր ձեւաւորուած եւ որ այն ինքզինքը կեանքի կոչած էր նախ իր էութիւնն ու բարօրութիւնը ապահովելու:
Տիգրան Գաբոյեան
«Ժամանակ»/Պոլիս
•շարունակելի…