image

Փաշինեանը կը վռնտեն, եթէ Հայաստան անցնի կազի եւրոպական սակագիներու․ Մետվետեւ

Փաշինեանը կը վռնտեն, եթէ Հայաստան անցնի կազի եւրոպական սակագիներու․ Մետվետեւ

Հայաստանի բնակչութիւնը պիտի վռնտէ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, եթէ Երեւանը անցնի կազի եւրոպական գիներու, կը կարծէ Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի փոխնախագահ Տմիթրի Մետվետեւը։

«Եւ իսկապէս, չէ՞ որ բոլորին համար յստակ է, որ եւրոպական կազի գիներուն անցնելու պարագային Հ երկրի բնակչութիւնը այս քեռին կեղտոտ ցնցոտիներով պիտի քշէ ուղիղ դէպի Փարիզ՝ իր սիրառատ բարեկամ Մաքրոնի մօտ»,- գրած է Մետվետեւը «Մաքս» հարթակին վրայ։

Ան յիշատակած է Փաշինեանի խօսքերը՝ Հայաստանի համար կազի ներկայ գիները՝ 1,000 խորանարդ մեթրի դիմաց 177,5 տոլար պահելու Ռուսիոյ պարտաւորութեան մասին։ Այն պարագային, երբ Եւրոպայի մէջ այս ապրանքին սակարանային գիները 2026 թուականի մայիսին Հոլանտայի TTF հանգոյցին մէջ ֆիւչըրզներով կը տատանէին 1,000 խորանարդ մեթրի դիմաց 570–590 տոլարի սահմաններուն մէջ, նշած է Անվտանգութեան խորհուրդի փոխնախագահը։

Մետվետեւը կը կարծէ, որ այս իրավիճակին մէջ Հայաստանի վարչապետը կը փորձէ միաժամանակ հաճելի թուիլ բոլորին աշխարհի մէջ։

 

«Բայց այդպէս չըլլար։ Տնտեսական իրողութիւններու յամառ ոզնիի վրայ մերկ հետոյքով վայրէջք կատարելու հաւանականութիւնը՝ ինչպէս քիեւեան իշխանութիւնը 2014-ին, օրէ օր կ՚աճին։ Ուստի ճիշդ ժամանակն է սկսելու բանակցութիւնները ամերիկեան հեղուկացուած կազի մատակարարումներու շուրջ՝ ծովով ուղիղ դէպի Հ երկրի նաւահանգիստները»,- աւելցուցած է Անվտանգութեան խորհուրդի փոխնախագահը։