Պոլսոյ «Արաս» հրատարակչատունը լոյս ընծայած է Իգնա Սարըասլանի «Գոյներ Հետքեր» բանաստեղծութիւններու հատորը:
Պոլսահայ արդի քերթողութեան լաւագոյն աւանդութիւններուն շարունակողն է բանաստեղծ Իգնա Սարըասլան, որ ընթերցասէրներուն կը մատուցէ իր նոր՝ հինգերորդ ժողովածոն։
Հատորը կողքի մը տակ կը խմբէ վերջին տարիներուն «Նոր Մարմարա» օրաթերթի գրական էջերուն վրայ հրատարակուած քերթուածները, ինչպէս նաեւ «Դարէ դար Աղթամար» շարքն ու «Մայրամուտին Թոտորի» գործը։
Տաղանդաւոր բանաստեղծը կեանքի նկատմամբ սնուցած իր մշտավառ յոյսը խանդավառ տողերով կը փոխանցէ ընթերցողին՝ կեանքի կոչելով նաեւ հնօրեայ, բայց միշտ ներկայ քերթողներն ու վայրերը։
Իգնա Սարըասլանի գիրը ընթերցողը կ՚առաջնորդէ հոգեւոր աննման ուղեւորութեան մը՝ անակնկալ հանդիպումներու խոստումով աննուազ պահելով անոր հետաքրքրութիւնը։
Գիրքը լոյս տեսած է 2023-ի Յունիսին, «Արաս» հրատարակչատունէն. Խմբագիրն է Ե.Ֆ. Թովմասեան, կողքի ձեւաւորումը կը պատկանի Մելիսա Արսլանեանին, 80 էջ:
ԻԳՆԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Պոլսահայ նորագոյն գրականութեան ականաւոր ներկայացուցիչներէն Իգնա Սարըասլան ծնած է 1945ին, Պոլսոյ մէջ։ Սկզբնական կրթութիւնը ստացած է Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան եւ ֆրանսական Ս. Ժոզէֆ վարժարաններուն մէջ։ Բարձրագոյն կրթութեան հետեւած է Պոլսոյ համալսարանի Ճէրրահփաշայի բժշկական բաժանմունքին մէջ՝ վկայուելով իբրեւ վիրաբոյժ։ Գրականութիւն մուտք գործած է վաղ հասակին՝ 1974ին, լոյսին բերելով իր առաջին քերթողագիրքը՝ «Լօ» վերնագիրով։ Սարըասլանի գրական արտադրանքը արժանացած է բազմաթիւ մրցանակներու, հրատարակուած է ազգային եւ միջազգային ժողովածոներու մէջ, թարգմանուելով բազմաթիւ լեզուներու։ Ան անդամ է Թուրքիոյ եւ Հայաստանի գրողներու միութիւններուն, ինչպէս նաեւ միջազգային «ՓԷՆ» միութեան։ Իգնա Սարըասլան կը բնակի եւ կը ստեղծագործէ իր ծննդավայր քաղաքին՝ Պոլսոյ մէջ։