image
Հրատապ լուրեր:

Ի՞նչ քննարկած են Ասատ եւ Միրզոյեան

Ի՞նչ քննարկած են Ասատ եւ Միրզոյեան

23 փետրուարին Դամասկոսի մէջ Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան նախագահ Պաշար Ալ Ասատ ընդունած է Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը:

Զրուցակիցները քննարկած են Սուրիոյ՝ աղէտէն տուժած շրջաններուն մէջ ստեղծուած իրավիճակն ու առկայ խնդիրները յաղթահարելու ուղղուած աշխատանքները:

Հանդիպման օրակարգին եղած էին նաեւ հայ-սուրիական երկկողմ յարաբերութիւններու հարցեր: Անդրադարձ կատարուած է միջազգային հարթակներու վրայ փոխգործակցութեան:

Քննարկուած են նաեւ տարածաշրջանային եւ միջազգային անվտանգութեան վերաբերող հարցեր:

ՀՀ արտաքին գործոց նախարարը Սուրիոյ նախագահին ներկայացուցած է Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի վերջին զարգացումները, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի ապօրինի շրջափակման հետեւանքով ստեղծուած մարդասիրական ծանր իրավիճակը: