image

Ի՞նչ միջոցներով հնարաւոր կ՚ըլլայ «փրկել» Լիբանանը Դոկտ. Սահակ Անտէքեանի յօդուածին առիթով

   Ի՞նչ միջոցներով հնարաւոր կ՚ըլլայ «փրկել» Լիբանանը Դոկտ. Սահակ Անտէքեանի յօդուածին առիթով

 Օրերս Ամերիկահայ ակադեմական գործիչ՝ Դոկտ. Սահակ Անտէքեան ծաւալուն յօդուած մը ստորագրած է (արաբերէն լեզուով), ուր ներկայացուցած է Լիբանանի մէջ տիրող տագնապալի դրութիւնը ու նաեւ կատարած է կարգ մը մատնանշումներ, որոնց յենուելով լիբանանցիք պիտի կարողանան դարձեալ ոտքի կանգնիլ ու նոր հուն մը տալ վիրաւոր երկրին։

 

Դոկտ. Անտէքեան մասնաւորապէս գրած է՝ 

 «ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու Խորհուրդի 30 Յունիս 2025-ի որոշումը « կաշառակերութեան ժխտական ազդեցութեան մասին» կը շեշտէ՝ կաշառակերութիւնը, ոչ միայն ֆինանսական կամ վարչական խնդիր է, այլեւ ուղիղ սպառնալիք մարդկային իրաւունքներուն։ Կաշառակերութիւնը եւ անոր զուգահեռ եղող գործընթացները սպառնալիք են հասարակութիւններոուն համար եւ կերպով մըն ալ կը խորացնէ խտրականութիւնը եւ խոցելի կը դարձնէ հասարակութիւնը։ Այստեղ հարկ է նշել Լիբանանի օրինակը, ուր կառուցուածքային կաշառակերութիւնը հանգեցուցած է պետական ծառայութիւններու փլուզման եւ քաղաքացիներու վստահութեան կորուստին։ Ի վերջոյ Լիբանանի փրկութիւնը հնարաւոր պիտի ըլլայ միայն անկախ դատական համակարգով, թափանցիկ վերահսկիչ մարմիններով եւ հասարակութեան՝ լրատուամիջոցներու ու քաղաքացիական կառոյցներու համադրութեամբ»։