image
Հրատապ լուրեր:

Ի՞նչ են սիսեռի օգուտները. Խորհուրդ բժիշկներէն

Ի՞նչ են սիսեռի օգուտները. Խորհուրդ բժիշկներէն

Սիսեռի հատիկները հիասքանչ համ եւ իւղալի բաղադրութիւն ունին: Անոնք բնասպիտի (protein) հիանալի աղբիւր են եւ ձեռքի տակ են ողջ տարին, քանի որ կը պահպանուին չոր վիճակով:

Սիսեռը կը պարունակէ շուրջ 80 սնննդարար նիւթեր: Սիսեռը, միւս լուբիայի ընտանիքին պատկանողներուն նման, անփոխարինելի է հիւսուածքներու մաղձաճարպի (cholesterol) մակարդակը իջեցնելու գործով: Գիտականօրէն ապացուցուած է, որ լուբիայի ընտանիքին պատկանողներու, եւ յատկապէս սիսեռի օգտագործումը էականօրէն կը կրճատէ սրտանօթային հիւանդութիւններով հիւանդանալու հաւանականութիւնը եւ անոնց լուրջ հետեւանքները, ինչպէս օրինակ՝ սրտի կաթուածները: Փաստօրէն, սիսեռը կ'ապահովէ մարմինը ճարպազուրկ եւ բարձրակարգ բնասպիտով:

Սիսեռը հանքային նիւթերու, օրինակ, արճիճաքարի (molybdenum) հիանալի աղբիւր է: Արճիճաքարը պատրաստ սնունդին սովորաբար աւելցուող վնասակար յաւելումներու չէզոքացման համար պատասխանատու բնախմորի (enzyme) բաղադրիչն է:

Սիսեռը կը հաղորդէ ուժ՝ օգնելով լրացնել երկաթի պաշարը: Դաշտանի օրերուն, երբ մարմինը երկաթի անբաւարարութիւն կ'ունենայ, սիսեռի օգտագործումը յատկապէս լաւ է այն պատճառով, որ ի տարբերութիւն կարմիր միսին (երկաթի այլ աղբիւր), ցած ջերմուժ ունի եւ ճարպեր չի պարունակեր:

Սիսեռը մանգանի հոյակապ աղբիւր է: Այս մանրատարրը մարմնին հակաօքսիտացման պաշտպանութեան բազմաթիւ գործընթացներու բաղկացուցիչ մասը կը կազմէ եւ ուժի աղբիւր է: Ընդամէնը մէկ բաժակ սիսեռը կ'ապահովէ այդ կարեւոր հանքանիւթի օրական չափաբաժնի 84,5%-ը:

Սիսեռը կը կայունացնէ արեան մէջ շաքարի մակարդակը: Ինչպէս բոլոր լուբիայի ընտանիքին պատկանողները, սիսեռը նոյնպէս հարուստ է սննդային լուծուող եւ չլուծուող նրբաթելերով: