ՀՅԴ Շուէտի Կոմիտէութեան յայտարարութիւնը

ՀՅԴ Շուէտի Կոմիտէութեան յայտարարութիւնը

Ականատես կ‘ըլլանք ՀՀ կառավարութեան ներքին և արտաքին պետականակործան քաղաքականութեան, եւ անկէ բխող Արցախի Հանրապետութեան ինքնիշխանութեան ու ապագային սպառնացող վտանգներուն եւ մարտահրաւէրներուն:

Նկատի ունենալով Հայաստանի հանրապետութեան իշխող ուժի ընթացքը, ցաւօք համոզուած ենք որ Հայաստան-Թուրքիա սկսող այս բանակցութիւնները պիտի յանգին հետեւեալին՝

1. ՀՀ իշխանութիւններու կողմէ հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացի հրաժարման

2. Արցախի Ազրպէյճանի յանձնումին

3. Հայաստան-Թուրքիա առկայ միջպետական փաստացի սահմանի իրաւական ամրագրման

4. եւ փանթուրանական ծրագրի մաս կազմող, այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի Միջանցք»-ի իրագործման

ՀՀ իշխանութիւններէն կը պահանջուի շտապ երեւան հանել Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի ուղենիշերը, կարմիր գիծերը և իրողապէս չենթարկուիլ թուրքական նախապայմաններուն:

Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորումը Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութեան մենաշնորհը չէ. այդ գործընթացին մէջ իր խօսքը պէտք է ունենայ աշխարհասփիւռ հայութիւնը: