image

ՀՅԴ-ի Եզրափակիչ ընտրական Հաւաքը. Հազարաւոր Լիբանանահայեր իրենց «Այո՛»ն ըսին Դաշնակցութեան (Լուսանկարներ)

 ՀՅԴ-ի Եզրափակիչ ընտրական Հաւաքը. Հազարաւոր Լիբանանահայեր իրենց «Այո՛»ն ըսին Դաշնակցութեան (Լուսանկարներ)

Բաւականին դժուարին պայմաններու տակ եղող Լիբանանը վաղը պիտի ընտրէ նոր Խորհրդարան։

 Տնտեսական բարդ եւ ընկերային բաւական դժուար պայմաններու տակ գտնուող Լիբանանահայութիւնը յար եւ նման ամբողջ լիբանանցիներուն վաղը մէկդի դնելով բոլոր տեսակի խնդիրները պիտի հասնի քուէատուփ եւ իր քաղաքացիական պարտականութիւնը կատարէ ակնկալելով եւ սպասելով, որ այդ կերպ յոյսի նոր շող մը պիտի բացուի մթագնած եւ մոխրագոյն ամպերով պաշարուած լիբանանեան երկնակամարին։ 

Այս առումով ուշագրաւ է նաեւ, որ հայութիւնը, որ անհաւասար պայմաններու ներքոյ է, որ կ՚երթայ ընտրութիւններուն, երէկ մեծ «այո՛» մը հնչեցուց Պուրճ Համուտէն, ուր ՀՅԴ Քարոզչական-ընտրական մեքենան կազմակերպած էր վերջին ընտրական միթինկ-հաւաքը նախքան վաղը ՝կիրակի օր ընդանալիք ընտրութիւնները։

 Հաւաքի ընթացքին ելոյթ ունեցան այս առթիւ Երեւանէն Պէյրութ ժամանած արուեստի գործիչներ, իսկ օրուան պատգամը փոխանցեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ, Լիբանանի Խորհրդարանի անդամ եւ Մեթնի (Լեռնալիբանանի) հայ առաքելական աթոռի թեկնածու Յակոբ Բագրատունին։

Ստորեւ մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք, երէկուայ հաւաքին մասին մեր պաշտօնակիոց «Ազդակ»ի հրապարակած թղթակցութեան  գլխաւոր  հատուածները։ 

 

 

 «Ազդակ» կը գրէ ՝

«Երէկ կառատունը եւ զուգահեռ փողոցը լեցուցած լիբանանահայերուն խօսք ուղղեց եւ անոնց հետ մտերմաբար «զրուցեց» ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, որ ողջունեց Ռամկավար ազատական կուսակցութիւնը, որ կը զօրակցի հայկական կուսակցութիւններուն առաջադրած թեկնածուներուն, ողջունեց Հնչակեան կուսակցութիւնը, որ իր թեկնածուով կը մասնակցի այս ընտրութիւններուն` մրցակցութեան դրական ոգիով, նաեւ ողջունեց ժողովուրդը, որ միշտ հաւատարիմ եղած է ինքնիրեն` ամէն բանէ առաջ, ոչ մէկ ատեն կասկածի տակ առած է իր արժանապատուութիւնը, կամքն ու ազատութիւնը: Ան շեշտեց, որ կիրակի օր կառատան մէջ գտնուող թէ իրենց տուները մնացած լիբանանահայերը պիտի ուղղուին քուէատուփ` ըսելու, որ իրենք` իբրեւ Լիբանանի հաւատարիմ քաղաքացիներ, Լիբանանի ազատութեան, անկախութեան եւ գերիշխանութեան հաւատացող Լիբանանի քաղաքացիներ, հայկական ծագումով Լիբանանի քաղաքացիներ, իրենց «այո՛»-ն պիտի ըսեն Լիբանանը կերտող, Լիբանանն ու Լիբանանի դրօշը միշտ բարձր պահող բոլոր անոնց, որոնք կը հաւատան Լիբանանի գերիշխանութեան, անկախութեան, հողային ամբողջականութեան եւ միասնական գոյակցութեան, անոնք պիտի հաստատեն, որ իրենք այնպիսի քաղաքացիներ են, որոնք գործած են միայն ի շահ Լիբանանի բարգաւաճման ու ծաղկման: «Կիրակի օր բոլորին պիտի ըսենք, որ Լիբանանի հայութիւնը արժանապատիւ համայնք է, որ այս ժողովուրդին եւ հայրենիքին համար աշխատած է, չէ քանդած, չէ գողցած Լիբանանը, չէ սպաննած լիբանանցին, չէ առեւանգած, չէ յափշտակած, չէ այրած լիբանանեան դրօշը, այլ տեւաբար բարձր պահած է զայն, որովհետեւ լիբանանցի հայը գիտէ, թէ ի՛նչ կը նշանակէ հայրենիք, գիտէ, թէ ի՛նչ կը նշանակէ հայրենիք կորսնցնել, գիտէ, թէ ի՛նչ կը նշանակէ անկախութիւն եւ գիտէ, թէ ի՛նչ կը նշանակէ զայն կորսնցնել: Հայրենիքի համար արիւն տուած ժողովուրդը գիտէ ինչպէ՛ս պաշտպանել հայրենիքը», յայտնեց Բագրատունի: Ան աւելցուց, որ կիրակի օր պիտի ճշդուի լիբանանահայութեան ապագան, լիբանանահայ յառաջիկայ սերունդներու ապագան, լիբանանահայութեան դերակատարութիւնը, թէ ինչպէ՛ս պէտք է ուժեղ մնայ ի խնդիր սփիւռքահայութեան, ի խնդիր Հայաստանի, ի խնդիր Արցախի: «Քանդել լիբանանահայութիւնը կը նշանակէ քանդել սփիւռքի ամէնէն կարեւոր օճախը, արիւնատար երակը», նշեց Բագրատունի:

 

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը ըսաւ, որ դժուար օրեր կ՛ապրի այսօր լիբանանահայութիւնը, բայց եւ այնպէս, այս գաղութին զաւակները Հայոց ցեղասպանութենէն ետք Լիբանան հասնելէ ի վեր միշտ ալ դաժան պայմաններու մէջ եւ մեծ մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման կանգնած են, համտեսած են գաղթականի ծանր կեանքը, սակայն կրցած են շրջանցել այդ փուլը եւ գաղթակայանները վերածել գոյատեւման ամրոցներու, ապրած են լիբանանեան եղբայրասպան կռիւներու տխուր իրականութիւնը, արաբեւիսրայէլեան պատերազմը, քաղաքացիական պատերազմը, բայց եւ այնպէս երբեք չեն մասնակցած երկիրը քանդող պատերազմներուն, Լիբանանի մէջ, լիբանանցիներով մղուած ուրիշներու պատերազմներուն` իրենց այս կեցուածքին գինը երբեմն սուղ վճարելով, որովհետեւ մարդիկ չկրցան հասկնալ այս դիրքորոշումին խորքը: Ան դիտել տուաւ, որ խաղաղ օրերուն եւս լիբանանահայութիւնը գործեց ամենայն նուիրուածութեամբ` թումբ կանգնելով ամէն տեսակ ներթափանցումներուն դէմ, ապա վրայ հասաւ 2019 թուականը, երբ ժողովուրդը պոռթկաց, փողոց իջաւ, բայց եւ այնպէս այդ իսկ շահագործուեցաւ նոյնինքն երկիրը շահագործողներու կողմէ, անոր յաջորդեց «Քորոնա»-ն եւ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումը: Ան շեշտեց, որ այս բոլորին մէջ լիբանանահայութիւնը մեծապէս տուժեց, բայց կրցաւ ոտքի մնալ ու կը շարունակէ այդպէս ըլլալ, որովհետեւ կը հաւատայ ինքնիրեն, որովհետեւ կը հաւատայ, որ ամուր լիբանանահայութիւնը անհրաժեշտութիւն է Լիբանանին ու սփիւռքին, որ առանձին չձգեց Լիբանանի իր քոյր-եղբայրները, կանգնեցաւ անոնց կողքին: Բագրատունի լուսարձակի տակ առաւ այն երեւոյթը, որ տնտեսական ծանր պայմաններու բերումով փորձ կատարուեցաւ լիբանանահայը վերածել մուրացկանի, սակայն Դաշնակցութիւնը եւ լիբանանահայութիւնը չեն հաւատար, որ այդ մէկը կրնայ իրականութիւն դառնալ եւ այս գաղութէն կարելի ըլլայ խլել իր ինքնուրոյն դիմագիծն ու արժանապատուութիւնը:

 

Յակոբ Բագրատունի յայտնեց, որ այս երեսփոխանական ընտրութիւններուն եւ ընդհանրապէս Դաշնակցութեան ու լիբանանահայութեան պայքարը հիմնական քանի մը խորագիրներու ներքեւ կը մղուի: «Անհատակեդրո՞ն, թէ՞ հաւաքական ներկայացուցչութիւն. ո՞վ կրնայ կոտրել այս հաւաքականութեան կամքը. երբ հաւաքուած ենք բոլորս միասին, երբ մէկ բռունցք ենք, դժուար է ճզմել մեզ, բայց երբ անհատ ենք, դիւրին է ծունկի բերել զայն, դժուար է ծունկի բերել այս մեծաթիւ ժողովուրդը, դիւրին է ծունկի բերել մէկ անհատը: Այսօր ծրագրուած յատուկ ճիգ կայ` ծունկի բերելու ձեր բոլորը, հաւաքականութիւնը, որպէսզի անհատներու միջոցով կարենան ղեկավարել մեր ժողովուրդը: Ինչո՞ւ, որովհետեւ հաւաքականութեան կամք պարտադրելը, օտարի որոշում պարտադրելը, այլոց քաղաքականութիւնը պարտադրելը դժուար է, անկարելի է, մանաւանդ երբ այդ հաւաքականութիւնը հայկական հաւաքականութիւն է», շեշտեց Բագրատունի` աւելցնելով, որ անհատը կը գնուի, սակայն հաւաքականութիւնը` անկարելի է, երբ կայ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, որ տասնամեակներ ամբողջ ոչինչ զլացած է իր ժողովուրդին: Ան նշեց, որ քանդեցին հայկական թաղամասերը, հայու արիւն հոսեցաւ ամէնուրեք, սակայն լիբանանահայութիւնը մնաց Լիբանանի մէջ, որովհետեւ ունէր ապաւէն ու պաշտպան` ՀՅԴ-ն, որ այսօր եւս կը շարունակէ այդ դերը ու այդպէս ալ պիտի շարունակէ: «Ահա թէ ինչո՛ւ աշխատանք կը տարուի, որ Դաշնակցութեան թեկնածուները` ձեր իրաւ ներկայացուցիչները, չհասնին խորհրդարան, որովհետեւ լաւ գիտեն, թէ Դաշնակցութիւնը թեկնածուներու ձեւով չէ, որ կը ներկայանայ, թեկնածուներու անձով չէ, որ կը ներկայանայ, այլ` հաւաքական ներկայացուցչութեամբ, որուն պատասխանատուն Դաշնակցութիւնն է, այսինքն դո՛ւք էք, սիրելի՛ ժողովուրդը, դո՛ւք, որ կիրակի օր պիտի ընտրէք Դաշնակցութիւնը», շեշտեց Բագրատունի: Ան ըսաւ, որ փափաքը հաճոյակատար անձեր երեսփոխանական աթոռին հասցնելն է, իսկ Դաշնակցութիւնն ու անոր առաջադրած թեկնածուները երբեք այդպէս չեն, որովհետեւ անոնք ժողովուրդը կը ներկայացնեն, հաւաքական շահերուն եւ իրաւունքներուն տէրն են, որովհետեւ անոնք հաշուետու են կուսակցութեան ու ժողովուրդին, եւ ոչ անհատներու նման, որոնք մէկ դիրքէն միւսը, մէկ կուսակցութենէն միւսը կրնան անցնիլ ամենայն պարզութեամբ, առանց երբեք մտահոգ ըլլալու լիբանանահայութեան շահերուն պաշտպանութեամբ:

 

Դաշնակցութեան եւ լիբանանահայութեան մղած պայքարի երկրորդ խորագիրը ժամանակաւորին, անցողակիին ու մնայունին միջեւ է, դիտել տուաւ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի` նշելով, որ թեկնածուները կը փայլին ու կը մաշին, երեսփոխանները կու գան ու կ՛երթան, սակայն հաւաքականութիւնը կը մնայ, կուսակցութիւնը կը մնայ, դէմքերը կը փոխուին, քաղաքական ուղղուածութիւնը, կեցուածքները կը մնան, որովհետեւ կը բխին ժողովուրդին եւ ոչ թէ անհատին շահերէն: Երբ հաւաքականութեան հետ եւ անոր համար կը գործես, մարդիկ կը գիտնան, թէ ո՛վ է մնայունը, ո՛վ է անցողակին: «Մնայունը այն է, որ տասնամեակներ ամբողջ իր ժողովուրդին կողքին կեցած է, մնայունը այն է, որ իր ժողովուրդի ցաւը չէ շահագործած, մնայունը այն է, որ իր նահատակներուն արիւնը չէ ծախած, մնայունը այն է, որ ամէնէն դժուարին օրերուն ժողովուրդին ըսած է` դուն տունը մնայ, մենք կու գանք քովդ, մնայունը այն է, որ առանց հեռատեսիլի կայանի լրագրողներու կը շրջի, որ տարիներ շարունակ կ՛օժանդակէ առանց խօսելու, երբ տակաւին չկային ոչ կառավարական կազմակերպութիւնները, չկային ընկերային ցանցերն ու անոնց քարոզչութիւնը: Մնայունը այն է, որ հարիւր տարի առաջ բարեսիրական միութիւն ստեղծած է, հարիւր տարի առաջ մարզական, մշակութային միութիւն ստեղծած է, դպրոց, եկեղեցի, ակումբ կառուցած է: Այս բոլորը ըրած է իր ժողովուրդին համար, այդ բոլորին համար արիւն ու քրտինք տուած է: Իսկ ժամանակաւորը այն է, որ գոյութիւն ունեցող եկեղեցւոյ դրան ուր ըլլալը չի գիտեր, դպրոցին կողքով կ՛անցնի առանց ներս իսկ նայելու, որ կը խոստովանի, թէ ինք միայն անձնաթուղթով հայ է, հայկական մթնոլորտի մէջ չէ ապրած իսկ», դիտել տուաւ ան: Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի յիշեցուց Արամ Ա. վեհափառին խօսքը, ուր ան ըսաւ, թէ համայնքային երկիր եղող Լիբանանի մէջ հայ երեսփոխանը հայ համայնքը կը ներկայացնէ, իսկ ան որ հայկական համայնքին մէջ ներկայութիւն չէ, պատահական անձ է, չի կրնար մեր համայնքը ներկայացնել:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը դիտել տուաւ, որ այս երեսփոխանական ընտրութիւններուն շատ ցեխ, շատ թոյն, շատ սուտ ու կեղծիք կայ մեր շուրջ: Ամէն օր հարիւրաւոր գրութիւններ, գրառումներ, վիտէոներ կը թափին ընկերային ցանցերուն մէջ, կորսուած են արժէքները, ամէն ինչ արտօնուած ու ընդունելի կը նկատուի: Ան այս բոլորին մէջ ամէնէն ահաւորը նկատեց այն, որ փորձ կը կատարուի մարդոց նկատմամբ կասկած յառաջացնելու, որովհետեւ խորքին մէջ ընտրակաշառք կայ, իրականութիւն է, որ հսկայական գումարներ կը ծախսուին, բայց յստակ է, թէ ովքե՛ր են մեծաքանակ դրամ վատնողները, ընտրակաշառք բաժնողները: Բագրատունի հաստատեց, որ ընտրակաշառքը ոչ մէկ դրական փոփոխութիւն կրնայ բերել, այլ մարդոց հոգին ու արժանապատուութիւնը կը քանդէ: Ան հարց տուաւ, որ կիրակի օր այդ ընտրակաշառքով քուէարկող հայրը ինչպէ՞ս յաջորդ օր պիտի նայի իր զաւակին աչքերուն մէջ եւ  ըսէ, թէ անոր ապագայի քանդումին մէջ մասնակից եղած է: «Մենք ալ կ՛ուզենք փոփոխութիւն, որովհետեւ մենք տառապած ժողովուրդ ենք, բայց այդ տառապանքը մեզ կը վերածէ բազուկի, կը վերածէ բռունցքի, որպէսզի կարենանք մարդոց ըսել` ո՛չ, ձեր դրամով չէ, որ այս երկիրը կը կառուցուի, այս երկիրը կը վերականգնի, այլ այս երկիրը կը վերականգնի մեր ճակտի քրտինքով, մեր հաւատարմութեամբ, մեր ծառայութեամբ», նշեց ան: Առ այդ, Բագրատունի զգուշացուց հաւաքին մասնակիցները` մատնանշելով, որ տեղի ունեցածը Լիբանանի քաղաքացին տկարացնելու միտումով է, որպէսզի ան 200 տոլարով ծախէ իր քուէն` մոռնալով, որ այդ քուէն իր իսկ խիղճն է, իսկ երկուշաբթի կամ երեքշաբթի օր 4 տարի ամբողջ պիտի ծախսէ, որպէսզի կարենայ ապրիլ: «Մէկ օրուան համար իր խիղճը ծախողը իր խիղճը ծախած կ՛ըլլայ ցմահ», ըսաւ ան` շեշտելով, որ արժանապատիւ լիբանանահայ ժողովուրդը երբեք այդ տեսակը չի կրնար ըլլալ, որ լիբանանահայութիւնը գիտէ, որ Դաշնակցութեան հետ կարելի է երաշխաւորել գոյատեւումը, որովհետեւ առանց այս միասնականութեան ոչինչ կարելի է ընել:

 

«Մեր ժողովուրդը մեզ երբեք յուսախաբ չէ ըրած, երբեմն թերեւս կը տկարանանք, երբեմն մեր հաւատքը կը կորսնցնենք, բայց այսօր ահա դուք, դուք լաւագոյն պատասխանն էք բոլոր անոնց, որոնք կը հաւատան, որ մեր ժողովուրդը տկար է: Կրնան տկար հոգիներ, անձեր ըլլալ, բայց չի կրնար տկար հայութիւն ըլլալ, երբ Լիբանանի մէջ տակաւին կայ մայր, որ իր երեք զաւակները նահատակ տուած է հայութիւն, չի կրնար ըլլալ տկար հայութիւն, երբ կան մարդիկ, որոնք կու գան ըսելու` մեր զաւակը մեր ժողովուրդին համար ծառայ, թող զոհուի անոր համար», նշեց Յակոբ Բագրատունի` աւելցնելով, որ այս բոլորին անգիտակիցները թէեւ կը փորձեն այսօր հայութեան աթոռին տիրանալ, սակայն անոնց ինքնութիւնը յստակ կ՛արտացոլայ, երբ իրենք կը խոստովանին, որ միայն փաստաթուղթերով հայեր են: Ան ըսաւ, որ կուսակցութեան եւ լիբանանահայութեան ծառայողները կը դադրին անհատ ըլլալէ, այլ կը դառնան հաւաքականութեան ներկայացուցիչ ու ծառայ:

 

«Կիրակի օր բոլորս պիտի յաղթենք, պիտի յաղթել Լիբանանի հայ քաղաքացին, մեր յաղթանակով պիտի յաղթէ Լիբանանն ու լիբանանահայութիւնը, պիտի յաղթէ հաւատարմութիւնը, պիտի յաղթէ միասնականութիւնը: Պիտի չարտօնէք, որ Պոլսոյ մէջ գրասենեակ ունեցողը կամ Լիբանան-Թուրքիա մնայուն եռուզեռի մէջ եղող մը, ինքնիրեն ձեզ չնմանող նկատող մը ձեզ ներկայացնէ: Թող նմաններուն ուրիշներ քուէարկեն, անոնք հայութեան ներկայացուցիչ չեն կրնար ըլլալ», շեշտեց Յակոբ Բագրատունի` աւելցնելով, որ պէտք է ազատ ձգել ժողովուրդը ընտրելու իր սրտով, միտքով, հոգիով ու խիղճով, իր արեան կանչին անսալով:

 

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը ըսաւ, որ ամէն ինչի մեղաւորը Դաշնակցութիւնը նկատելու մնայուն փորձ կը կատարուի, արդեօք կուսակցութիւնը մեղաւո՞ր է, որ, հակառակ իրենց կամքին, կ՛ուզէ լիբանանահայութիւնը հայ պահել, կ՛ուզէ մեր դպրոցներուն դարպասները բաց պահել, հայկական եկեղեցիներուն կոչնակները մնայուն կերպով հնչած պահել, կ՛ուզէ, որ մեր հայ զաւակները հայկական պար պարեն եւ հայկական մարզական միութիւններու մէջ ըլլան, կ՛ուզէ տարբեր ախտերէ հեռու պահել ժողովուրդը: «Ի՛նչ քաղցր է այս մեղքին լուծը, բոլորդ մեղաւոր էք, սիրելինե՛ր, որովհետեւ կ՛ուզէք հայ մնալ: Պահեցէ՛ք այդ մեղքը, անով ապրեցէ՛ք, այդ մեղքը ժառանգած ենք մեր ծնողներէն, մեր մեծ հայրերէն ու մեծ մայրերէն, զայն ժառանգած ենք Տէր Զօրի անապատի աւազներուն վրայ այբուբենը գրող հայ մամիկէն, այդ մեղքը պիտի շարունակենք կտակել մեր զաւակներուն ու թոռներուն, որպէսզի բարձր մնայ հայ ժողովուրդին դրօշը` Լիբանանէն մինչեւ Արժանթին, Մոսկուա, Լոս Անճելըս, Աւստրալիա, Ծոցի երկիրներ, մինչեւ Սուրիա, Իրան, Երեւան ու Արցախ, որպէսզի մարդիկ գիտնան, որ կարելի չէ, ընդունելի չէ, եւ մեր ժողովուրդը չ՛արտօներ քանդել իր ազատութիւնը, կամքը, ինքնուրոյն կեցուածքները: Պիտի չարտօնէք, սիրելինե՛ր, որ թոյն դրուի ձեր հոգիներուն մէջ, ոչ ալ կանաչ դրամ` ձեր գրպանները: Բոլորս միասին` մայիս 15-ին դէպի յաղթանակ», եզրափակեց երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի»։