image

ՀՅԴ անդամ՝ Գերասիմ Վարդանեան ձերբակալուեցաւ

ՀՅԴ անդամ՝ Գերասիմ Վարդանեան ձերբակալուեցաւ

ՀՅԴ անդամ Գերասիմ Վարդանեան, որ քրէական վարոյթի ծիրէն ներս 11 անձ ձերբակալելու եւ կուսակցութեան գրասենեակներուն մէջ խուզարկութիւններու ֆոնին ինքնակամ ներկայացած էր ՀՀ քննչական կոմիտէ, ձերբակալուած է։

Ան ներգրաւուած է քրէական վարոյթներէն մէկուն մէջ եւ մեղադրուած «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման մասնակիցները նիւթապէս շահագրգռելու մէջ։ Ան տարուած է ոստիկանութեան Քանաքեռ–Զէյթունի բաժին։

Վարդանեանի փաստաբան Բենիկ Գալստեան ըսած է, որ պիտի երթան բաժին` հասկնալու, թէ իրականութեան մէջ ինչ գործի մասին է խօսքը։

«Ամէն ինչ պարզ է, մեր ուզածով պէտք է լինի ամէն ինչ։ Այս պայքարը տեւելու է այնքան, մինչեւ հայ ժողովուրդը յաղթանակ ունենայ»,– ձերբակալութենէն առաջ ըսած է Գերասիմ Վարդանեան։

Պատգամաւոր Գեղամ Մանուկեան արձանագրած է, որ մօտեցած աշխատակիցներէն բացի փողոցը զինք կը սպասէին նաեւ ոստիկանութեան մեքենային մէջ նստած դիմակաւորուած անձեր, որոնք տեսնելուն պէս, որ ինք կը նկարէ, արագ հեռացած են։ Անոնց մեքենաները եղած են ոստիկանութեան պետական համարանիշներով։