image

Հուսիները կը հրթիռակոծեն ԱՄԷ-ի տարածքը

Հուսիները կը հրթիռակոծեն ԱՄԷ-ի տարածքը

Եմէնի իշխանութիւնը գրաւած հուսիները շարք մը հրթիռներ արձակած են Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մայրաքաղաք Ապու Տապիի, ինչպէս նաեւ երկրի ու տարածաշրջանի մեծագոյն ֆինասական-առեւտրական կեդրոն Տուպայի ուղղութեամբ:

«Գործողութիւնը յաջողութեամբ պսակուած է: Եմէնի զինուած ուժերը կը վերահաստատէ, որ Էմիրութիւններու թշնամական երկիրը պիտի ըլլայ անապահով վիճակի մէջ, քանի որ թշնամի Իսրայէլը կը շարունակէ գործել Ապու Տապիի եւ Տուպայի մէջ: Մենք կոչ կ'ընենք Էմիրութիւններու բնակիչներուն` հեռու մնալու կարեւոր կեդրոններէն եւ ենթակառուցուածքներէն, քանի որ անոնք կրնան թիրախաւորուիլ», յայտարարած է հուսիների ռազմական ուժերու խօսնակ Եահիա Սարիան:

Անոր փոխանցմամբ, Եմէնի բանակը հրթիռակոծութեան տուած է «Եմէնի երրորդ փոթորիկի գործողութիւն» անունը: Եմէնը կը սպառնայ շարունակել Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու տարածքի հրթիռակոծութիւնը: