image
Հրատապ լուրեր:

Հուսիները խոցած են 30 միլիոն տոլար արժողութեամբ ամերիկեան ԱԹՍ մը

Հուսիները  խոցած են 30 միլիոն տոլար արժողութեամբ ամերիկեան ԱԹՍ մը

Եմէնի հիւսիսը իշխող «Անսար Ալլահ» (հուսիներ) շիա շարժումը յայտարարած է, որ խոցած է ամերիկեան MQ-9 Reaper անօդաչու սարքը։

Այս մասին օգոստոս 4-ին յայտարարուած է հուսիներու զինուած ուժերու ներկայացուցիչ, զօրավար Եահիա Սարիայի թելեկրամեան ալիքով, գրած է iz.ru-ն։

Անոր խօսքով՝ հուսիներն անօդաչուն խոցած են սեփական արտադրութեան «երկիր-օդ» հրթիռով։

Սարիան ընդգծած է, որ յարձակումը «վրէժ է պաղեստինեան ժողովուրդի նկատմամբ ճնշումներու համար եւ պատասխան ԱՄՆ-բրիտանական յարձակման» Եմէնի դէմ։

Ինչպէս աւելի վաղ յայտնած էր cbsnews.com-ը, մէկ MQ-9 Reaper անօդաչուն կ՚արժէ մօտ 30 միլիոն տոլար: