image

Քրեմլը չէ մեկնաբանած Սուրիոյ նոր իշխանութիւններու՝ Ասատը արտայանձնելու պահանջի մասին լուրը

Քրեմլը չէ մեկնաբանած Սուրիոյ նոր իշխանութիւններու՝ Ասատը արտայանձնելու պահանջի մասին լուրը

Ռուսիոյ նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքովը չէ մեկնաբանած սուրիական SANA գործակալութեան հաղորդագրութիւնն այն մասին, որ սուրիական իշխանութիւնները փոխհատուցում պահանջած են Ռուսիայէն՝ վստահութիւնը վերականգնելու համար, ինչպէս նաեւ աղբիւրներու պնդումներն առ այն, որ նոր իշխանութիւնները պահանջած են արտայանձնել երկրի նախկին նախագահ Պաշշար Ասատը:

«Ոչ, ես այդ կը թողեմ առանց մեկնաբանութիւններու»,- լրագրողներու հետ զրոյցին ըսած է Քրեմլի ներկայացուցիչը։

Աւելի վաղ սուրիական Sana գործակալութիւնը յայտնած էր, որ սուրիական նոր իշխանութիւնները, ռուսական պատուիրակութեան այցի ժամանակ, Ռուսիայէն փոխհատուցում խնդրած են «վստահութիւնը վերականգնելու» համար։ Բանակցութիւններու ընթացքին սուրիական կողմը յայտարարած է, որ Մոսկուայի հետ յարաբերութիւններու վերականգնման ընթացքին, ռուսական կողմը պէտք է «հաշուի առնէ անցեալի սխալները, յարգէ սուրիացի ժողովուրդի կամքը եւ անոր շահերը»։

Ինչ կը վերաբերի Ասատին, ապա ան զինուած ընդդիմութեան զանգուածային գրոհէն ետք դեկտեմբերին հրաժարական տուած է եւ ընտանիքի հետ ապաստան ստացած է Ռուսիոյ մէջ: