ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփի երդմնակալութիւնը դիտած է աւելի քան 24,6 միլիոն հեռուստադիտող։ Այս մասին յայտնած Է Nielsen վերլուծական ընկերութիւնը։
Միջոցառումն ուղիղ եթերով հեռարձակած են 15 հեռուստաընկերութիւն։
Չորս տարի առաջ, ըստ Nielsen-ի տուեալներու, Ճօ Պայտընի երդմնակալութեան արարողութիւնը դիտած է 33,8 միլիոն հեռուստադիտող։ 2017 թուականին մօտ 31 միլիոն մարդ հետեւած է Թրամփի երդմնակալութեան։