image

Հունգարիան Ուքրանիոյ փոխարէն օգնութիւն պիտի ուղարկէ Լիբանանին

Հունգարիան Ուքրանիոյ փոխարէն  օգնութիւն պիտի ուղարկէ Լիբանանին

Հունգարիոյ արտաքին գործոց նախարար Փեթեր Սիեարթօն Պէյրութ կատարած այցի ժամանակ յայտարարած է, որ Պուտափեշթը որոշում կայացուցած է օգնութիւն ուղարկել Լիբանանին՝ Ուքրանաիան ֆինանսաւորելու փոխարէն: Խօսքը 1,5 միլիոն եւրոյի մասին է: Միջոցները պիտի տրամադրուին Լիբանանի զինուած ուժերուն աջակցելու համար:

Սիեարթոյի խօսքով՝ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ խաղաղութիւնը կը բխի Հունգարիոյ ազգային անվտանգութեան շահերէն, եւ Լիբանանի կայունութիւնը ատոր բանալին է:

Պուտափեշթի մէջ պարզաբանած են, որ Խաղաղութեան եւրոպական հիմնադրամին մէջ իրենց մասնաբաժինը պիտի չօգտագործեն Ուքրանիան զինելու համար։ Բացի այդ՝ Հունգարիան կէս միլիոն եւրո պիտի յատկացնէ Լիբանանին՝ աջակցելու կրթական եւ մարդասիրական ծրագրերուն:

Աւելի վաղ Սիեարթոն նշած էր, որ Եւրոմիութիւնը պէտք է դադարի եւրոպացի հարկատուներու փողերն ուղարկել Ուքրանիոյ: