image

Հունգար եպիսկոպոսն ու իր գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցելութիւն տուած են ՄԱՀԵՄ-ի կեդրոն

Հունգար եպիսկոպոսն ու իր գլխաւորած  պատուիրակութիւնը  այցելութիւն տուած են ՄԱՀԵՄ-ի կեդրոն

Օրերս  յատուկ  առաքելութեամբ Պէյրութ  գտնուող    եւ հունգար  եկեղեցին ներկայացնող   պատուիրակութիւն մը այցելած է Մերձաւոր Արեւելքի Հայ  Եկեղեցիներու Միութեան (ՄԱՀԵՄ)  կեդրոն։

Այս մասին «Արեւելք»  տեղեկացաւ համացանցէն։ 

Ստորեւ կը ներկայացնենք այդ  առթիւ հրապարակուած  կարճ  լրատւութիւնը։

Չորեքշաբթի, 12 Յունուար, 2022-ին, Հունգարիայէն պատուիրակութիւն մը այցելեց ՄԱՀԵՄ-ի   նախագահ վերապատուելի Մկրտիչ Գարակէօզեանին, ՄԱՀԵՄ-ի Կեդրոնական Կոմիտէի Լիբանանի եւ Սուրիոյ անդամներուն, եւ Լիբանանի Հայ Աւետարանական վարժարաններու տնօրէններուն։ Հունգարիոյ Աւետարանական Եկեղեցւոյ (RCH) Սինոտի Նախարարական Նախագահ՝ եպս. Զոլթան Պալոկ, ուղեկցութեամբ RCH-ի գլխաւոր քարտուղար՝ տիար Անտրաս Կէրի, եպիսկոպոսի գործադիր քարտուղար՝  տիկին Տորա Ափելի եւ RCH-ի Տիեզերական պաշտօնեայ վերապատուելի Պալաս Օտորի, յայտնեցին իրենց աջակցութիւնը տարածաշրջանի եկեղեցիներուն եւ ՄԱՀԵՄ-ին,  ինչպէս նաեւ քաջալերեցին վերջիններուս իրականացուցած քրիստոնէական  առաքելութիւնը։

Վերապատուելի Գարակէօզեան պատուրիակութեան նուիրեց Հայաստանէն բերուած գեղանկարչական կտաւ մը, որ կը ներկայացնէ Խաչելութիւնը, առ ի յիշատակ պատուիրակութեան այցելութեան: Պատուիրակութիւնը ՄԱՀԵՄ-ի կեդրոնը այցելելէ ետք այցելեց նաեւ Միութեան Թրատ-Պուրճ Համուտի Քրիստոնէական Ընկերային Ծառայութեան Կեդրոնը, ուր Ընկերային գործերու յանձնաժողովի անդամները եւ անձնակազմը ողջունեցին հիւրերը: Պատուիրակութեան անդամները մտիկ ըրին յանձնաժողովի նախագահ՝ պատ. Սեպուհ Թէրզեանը, որ խօսեցաւ Կեդրոնի գործունէութեան մասին, եւ թէ այնտեղ ինչ տեսակի կենսական եւ բազմակողմանի օժանդակութիւն եւ զարգացողական ծրագիրներ  կը մատուցուին երեխաներուն, մեծերուն, տարեցներուն, ինչպէս նաեւ ընդհանուր համայնքին: