image

Հունգար դիւանագէտը այցելած է Երուսաղէմի ՀԵՄ-ի ակումբ (Լուսանկար)

 Հունգար դիւանագէտը այցելած է Երուսաղէմի ՀԵՄ-ի ակումբ (Լուսանկար)

 

 

Կարեւոր եւ ազգաշէն գործունէութիւն կը տանին Երուսաղէմի հայկական համայնքի ՀԵՄ-ի երիտասարդները գլխաւոութեամբ հայր եւ որդի Ճռնազեաններուն, որոնք նուիրեալաբար կը ծառայեն մեր ժողովուրդին ու նաեւ Երուսաղէմի հայկական համայնքին։

Այս ծիրէն ներս ՀԵՄ-ի պատասխանատուները օրերս ընդունած է Ռամմալայի մէջ Հունգարիոյ պետութեան ներկայացուցիչին այցելութիւնը, որուն մասին ալ գրած է ՀԵՄ-ի դիմատետրեան էջը։

 Ստորեւ լրատւութիւնը՝

 

Ուրբաթ, 20 Յունուար 2023-ին, առաւօտեան ժամը 11-ին, ՀԵՄ ակումբ այցելեց Ռամալլահ քաղաքին մէջ գտնուող Հունգարիոյ ներկայացուցչական գրասենեակի տնօրեն` Պրն. Ռատա Կսապա։

 Դիւանագէտը նախ այցելեց Սրբոց Յակոբեանց Մայր Տաճար ուր Պատմաբան Պրն. Գէորգ Հինդիլեանը բացատրեց տաճարի պատմութեան մասին որմէ ետք այցելեց ակումբ, այնտեղ Միութեանս փոխ ատենապետ` ընկերուհի Վիքի Օտապաշեան եւ ընկեր Յակոբ Ճռնազեան բացատրութիւն տուին Միութեանս պատմութեան եւ գործունէութեան մասին։ Ապա ժողովասրահէն ներս տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն եւ զանազան նույթերու քննարկում։ Այցելութեան աւարտին Միութեանս ատենապետ` ընկեր Սարգիս Ճռնազեան յանձնեց Պրն. Կսապաին Միութեանս տարեկան օրացոյցը եւ հայկական յաղջապակիի պնակ Սուրբ Յարութեան պատկերով։